Յիսունական եւ վաթսունական թուականներուն Նոր Գիւղի բանուկ ճամբաներու եզերքին բարձրացած կառոյցներու առաջին յարկը սովորաբար վարձու կը տրուէր հայ արհեստաւորներու, նպարավաճառներու կամ այլազան գործատէրերու։ Մեր թաղի հիւսիս արեւմտեան անկիւնի երկյարկանի քարաշէն կառոյցը մինչեւ վաթսունականներու սկիզբը կը պատկանէր իրենց շրջապատին հետ բարի դրացնութիւն ընող Գապաքեան ընտանիքին։
Պարոն Անդրանիկ եւ իր ժրաջան տիկինը՝ Ազնիւ, շրջակայքի գրեթէ բոլոր հայ տանտիկիններէն սիրուած՝ բեղուն նպարավաճառանոց մը կը բանեցնէին Գապաքեաններու շէնքին առաջին յարկին վրայ: Իր ներկայութեան՝ անունը պարոն Անդրանիկ կամ Անդօ էր: Իր բացակայութեան՝ պախալ Անդօ էր. աւելի յաճախ՝ Չոլախ Անդօ կամ Չոլախ Անդրանիկ։ Պատանի տարիքին՝ թեւերը գլուխէն վեր բարձրացուցած՝ նետուեր էր շատ ծանծաղ ջրաւազանի մը մէջ։ Ձեռքերը՝ մարմնին ամբողջ ծանրութեամբ՝ (բաւական ծանր էր) ակնկալուածէն շատ աւելի արագ հանդիպեր էին աւազանի յատակին եւ ուժգնօրէն դէպի նախաբազուկները երկտակ ծալլուեր։ Արդիւնքը այն էր եղեր, որ Անդրանիկ ի սպառ կորսնցնէ ձեռքերը բնականոն կերպով գործածելու կարողութիւնը, ուրկէ նաեւ՝ Չոլախ Անդօ եւ Չոլախ Անդրանիկ մակդիրները։
Պարոն Անդրանիկ եւ տիկին Ազնիւ կանուխ առաւօտէն մինչեւ իրիկուն անխոնջ կ’աշխատէին իրենց խճողուած, բայց բաւական կոկիկ նպարավաճառանոցին մէջ: Ի՛նչ կը վերաբերի տիկին Ազնիւին՝ բնաւորութեան եւ անուան իմաստին միջեւ աւելի լիակատար նմանութիւն դժուար էր գտնել: Պարոն Անդրանիկն ալ, իր կարգին՝ այդ օրերու գործատէրերուն հետ բաղդատած՝ բաւական հեզ բնաւորութեան տէր մարդ մըն էր։ Առաւօտեան ժամը եօթէն մինչեւ տասնմէկ տասներկու յաճախորդներու անվերջ շարան մը պարոն Անդրանիկին եւ տիկին Ազնիւին գլուխ քերելու առիթ չէր տար:
Այդ չորս-հինգ ժամերու ընթացքին, Նոր Գիւղի լայնքին ու երկայնքին՝ հայ տիկիններ մոմլաթէ մեծ պայուսակներով, որ ընդհանրապէս սեւ, կանաչ, դեղին, մանիշակագոյն, սրճագոյն կամ մոխրագոյն կ’ըլլային, շուկայ կ’իջնէին իրենց ընտանիքին օրուան ճաշերը պատրաստելու յատկացուելիք նպարեղէնները գնելու: Հայ տիկինները այդ մոմապատ, այլազան գոյնի պայուսակները կը գնէին նոյն ճամբուն վրայ գտնուող հայ վաճառատուներէն։ Այդ վաճառատուներէն կը յիշեմ Հայկազին խանութը ինչպէս նաեւ Գարակէօզեան եղբայրներու հաստատութիւնը։
Վերջինը՝ մինչեւ վաթսունականներու սկիզբը կը գտնուէր յարակից թաղի հարաւ արեւմտեան անկիւնը, հին շէնքի մը առաջին յարկին վրայ։ Կը յիշեմ մանաւանդ անոր տախտակամածը, որ բառին բուն առումով՝ տախտակի յղկուած եւ միազօդուած շերտաձողերով շինուած էր եւ յաճախորդներու իւրաքանչիւր քայլափոխին հետ հեղձամղձուկ հոգոցներ կը հանէր։ Վաթսունականներու սկիզբը Գարակէօզեան եղբայրները իրենց վաճառատունը փոխադրեցին նոյն թաղին հիւսիս արեւմտեան կողմի նորաշէն, բազմայարկ շէնքին առաջին յարկը։ Նոր խանութը հինէն շատ աւելի լուսաւոր եւ ընդարձակ էր՝ նորոյթ ցուցափեղկերով եւ դարակներով։ Սակայն տախտակամածը տախտակի հետ հարեւանցի կապ նոյնիսկ չունէր. շինուած էր շինարարական շատ կարծր նիւթերու միախառնումով, որ՝ վրան կոխող մարդոց ծանրութեան բոլորովին անտարբեր՝ ոչ կը հառաչէր, ոչ իսկ կը նուար. գողերու նախասիրած մակերեսը… Մինչեւ հիմա տակաւին կը կարօտնամ հին խանութի տախտակամածին հոգեյոյզ հեծեծանքները…
Աւելի բարօր ընտանիքներու տանտիկինները ընդհանրապէս մոմլաթէ պայուսակ չէին գործածեր. անոնց պայուսակները բարձրորակ կերպասով կամ նուրբ կաշիով շինուած կ’ըլլային եւ զիրենք շալկած տիկիններու ընտանիքին նիւթական բարձ մակարդակին ակներեւ վկաներն էին։ Գոնէ այդ բարեկեցիկ տանտիկիններէն ոմանք այդպէս համոզուած էին՝ մոմլաթէ պայուսակ շալկած կիներու քովէն անցած ատեն՝ իրենց կողմնակի եւ բարձրայօն նայուածքներէն դատելով։
Պարոն Անդրանիկին խանութը երկու մասէ կը բաղկանար. նպարեղէններու բաժին՝ եւ սառի շտեմարան (սառցատուն): Նպարեղէններու յատկացուած բաժինը կը գրաւէր համալիրի տարածքին երեք չորրորդը։ Իսկ խանութին յետսամասը յատկացուած էր սառցատան։ Ամէն առտու՝ քաղաքի սառցագործարանին մէջ նախորդ գիշեր արտադրուած սառոյցի կաղապարներով լեցուն կանաչ եւ խոշոր կառք մը կանգ կ’առնէր սառցատան առջեւ։ Կառքէն դուրս կը ցատկէին երեք արաբ աշխատաւորներ եւ տասը վայրկեանէն սառցատունը գետնէն մինչեւ ձեղունը կը լեցնէին սառի հսկայ կաղապարներով։ Այնքան մեծ էին կաղապարները, որ չափահաս մարդ մը պէտք է երկու թեւերը լայն բանար՝ զանոնք վերցնելու համար։
Այդ տարիներուն ելեկտրանութեամբ գործող սառնարան ունեցող ընտանիքներ շատ սակաւաթիւ էին։ Նոյնիսկ բարձրորակ պայուսակ շալկած՝ բաղդատաբար բարեկեցիկ տիկիններու ընտանիքներուն հազիւ տասը տոկոսը սառնարան ունէր։ Բարեբախտաբար, սառնարանները մեծղի զանգուածներ ըլլալով, անկարելի էր զանոնք շալկած շուկայ իջնել, ապա թէ ոչ՝ նոյնիսկ բարձրորակ պայուսակ շալկած տիկիններ, որոնք դժբախտաբար, սակայն՝ սառնարան ունենալու չափ բարեկեցիկ չէին տակաւին, պիտի ենթարկուէին սառնարան շալկած տիկիններու կողմնակի եւ բարձրայօն նայուածքներուն… Միջանկեալ ըսեմ, որ ճիշդ այդ օրերուն, քանի մը ձեռներէց, վարպետ հայ արհեստաւորներ մեծ արհեստանոց մը բացին, ուր սկսան ընտիր եւ տոկուն ելեկտրական սառնարաններ շինել, որոնց բոլոր մասերը կամ իրենք կը ծրագրէին եւ կ’արտադրէին կամ կը գնէին ուրիշ հայ արհեստաւորներէ։
Կեանքիս մէջ երկրորդ վարպետս էր պարոն Անդրանիկ։ Առաջինը, ինչպէս ուրիշ տեղ յիշած եմ, ժամագործ՝ խմբապետ Սագօն էր, որ այդ օրերուն արդէն Պէյրութ փոխադրուած՝ եւ Պուրճ Համուտի օթոմոթրիսի կայանին մօտ ժամագործի խանութ բացած էր։ Ամառուան արձակուրդներուս երեքը անցուցեր եմ պարոն Անդրանիկի խանութին մէջ աշկերտութիւն ընելով։ Աս ալ ըսեմ, որ երեւակայական սառնարան շալկող տիկիններէն շատ աւելի բարեկեցիկ, այսինքն՝ մեծահարուստ տանտիկիններ ալ կային, որոնք հասարակ բնակչութեան հետ շուկայ իջնելը թագուհիի մը գահազրկումին համազօր ամօթալի արարք մը կը համարէին։ Աշկերտի պարտականութիւններէս ամէնէն անհաճելին այդ գահակալ թագուհիներուն՝ հեռաձայնով պարոն Անդրանիկէն կամ տիկին Ազնիւէն ապսպրած նպարեղէնները մատակարարելն էր, ի հեճուկս անոր, որ երբեմն կէս ֆրանկ (երկուքկէս ղուրուշ արժող՝ մէջտեղը ծակ մետաղադրամ) կամ մէկ ֆրանկ գնահատուցում կ’ընէին։
Առ հասարակ ամէն տուն տախտակէ շինուած՝ շատ ատեն թիթեղածածկ՝ բնական (ոչ ելեկտրական) սառցատուփ մը ունէր։ Նման տուփերու տէրերը ամէն օր պախալ Անդոյէն սառի կտոր մը կը գնէին եւ կը զետեղէին սառցատուփին մէջ։ Տուփին պաղ միջավայրին մէջ զով կը պահուէին Հալէպի ամառուան տօթին չդիմացող ուտելիքները։ Անոնց մէջ տեղ կը տրուէր նաեւ ջուրով կամ օշարակով լեցուն շիշերու, ինչպէս նաեւ բնածխատուած՝ պղպջակաւոր զովացուցիչներու, որոնցմէ կը յիշեմ տեղական՝ Լէյլա մակնիշի՝ կարմիր, կանաչ, դեղին կամ անգոյն զովացուցիչները։ Հոն նաեւ կարելի էր գտնել ներածուած պղպջակաւորներ, ինչպէս՝ անգլիական կարմիր Սթիմը, իտալական ոսկեգոյն Փորթիլլոն ամերիկեան նարնջագոյն Գրաշը եւ անգոյն Պիւպլ Ափը (Պապլ Ափ), որուն բնավայրին ծանօթ չեմ։ Սկիզբները Գոգա Գոլա ամերիկեան պղպջակաւորն ալ կար, բայց որոշ թէ անորոշ պատճառներով օր մըն ալ մէջտեղէն չքացաւ։ Իսկ Փեփսի Գոլային ռնգախտիղ գոլորշիին հոտը եւ քմախորժ համը վայելելու համար դէպի Պէյրութ ուղեւորութիւն մը հարկաւոր էր։
Կէսօրուն դադարին արհեստանոցներէն ճաշելու եւ քիչ մը քնանալու համար տուն վերադարձող ամուսիններն ու զաւակները իրենց ճաշին հետ կը վայելէին զով ջուր, օշարակ կամ պղպջակաւոր զովացուցիչ մը։
Անդոյին քով աշկերտի պարտականութիւններէս մին սառոյցի խոշոր կաղապարները սղոցել եւ յաճախորդներու յանձնարարած քանակով՝ սառի աւելի փոքր բեկորներ պատրաստելն էր։ Սկիզբը ձեռնաշխատ սղոցով կը կատարուէր սառոյցի լման կաղապարին մասնատումը։ Ատեն մը ետք պարոն Անդրանիկ ելեկտրականութեամբ աշխատող սղոց մը գնեց։ Հայ արհեստաւոր մը յղացած եւ գործադրած էր ծրագիրը։ Ականջի թմբուկ ծակող այնպիսի զիլ ճիչ մը բարձրացաւ, երբ պարոն Անդրանիկ առաջին անգամ ելեկտրական կոճակը սեղմեց եւ կլորակ սղոցին հատու ատամները սկսան սառը փեռեկել, որ երկու թաղ անդիէն ժողովուրդը դուրս թափեցաւ տեսնելու, թէ ո՞վ է մորթուողը։
Պարտականութիւններուս ամէնէն կարեւորը եւ ամէնէն շատ ժամանակ պահանջողը սառ մատակարարելու համար ձեւափոխուած եւ յարմարեցուած հեծանիւով՝ շրջապատի շատ մը ճաշարաններուն, սրճարաններուն, գինետուներուն եւ լողաւազաններուն սառ մատակարարելն էր։
Այդ հաստատութիւններէն ոմանք հանրութեան ծանօթ էին իրենց տէրերու խայտաբղէտ անուններով, ինչպէս՝ Լանղըր Յաղուպին սրճարանը, Ղարա Տայըին ճաշարանը, Մատթէոս Յաղուպին գիտետունը, Ղարա Յուսուֆին ճաշարանը, եւ այլ։ Կային նաեւ իրենց տէրերուն աւազանի անունով ծանօթ հաստատութիւններ, որոնցմէ՝ Զատիկին սրճարանը, Սահակին սրճարանը, Ղազարին եւ իր եղբօր՝ Ճանոյին (կամ Ժանոյին) նաեւ Յակոբին սանտուիչի խանութները, Մասպահ (ջրաւազան) Ֆարուղը, Մասպահ Հալապը, եւ աւելի նոր՝ Մասպահ Րապիէն։ Մասպահ Ֆարուղէն քիչ մը դէպի արեւմուտք՝ Աճուր Թարլա տանող ճամբուն վրայ ուրիշ լողարան մըն ալ կար՝ Մասպահ Փաշա (արաբերէնով՝ Պաշա), որ Անդոյէն սառ չէր գներ եւ ունէր շատ փոքր թիւով հայ յաճախորդներ։
Անդօն ունէր երկրորդ աշկերտ մըն ալ՝ Գօգօն, որուն ընտանիքին՝ պատուական Գարակաւուրեաններուն հետ դրկից էինք։ Գօգօն նաեւ ամենօրեայ խաղընկերս էր։ Այդ հաստատութիւնները անսառ չձգելու յոյժ կարեւոր գործը վստահուած էր Գօգոյին եւ ինծի։ Փոխն ի փոխ հեծանիւ կը քշէինք։ Չքշողը՝ ետեւի անիւին վերեւը շինուած երկաթէ ափսէին դուրսի երկու կողմերէն բռնած՝ հեծանիւին ետեւէն կը վազէր։ Ափսէին վրայ սառի երեք մեծ կաղապար կարելի էր բեռցնել։ Ետեւէն վազողին կը վստահուէր հսկայ կաղապարները ափսէէն վար գլորուելու փորձութենէն հեռու պահելու՝ ստէպ թէական յաջողութեամբ գլուխ հանուող՝ գերմարդկային սխրանքը, մանաւանդ՝ Մասպահ Հալապ հանող ցից զառիվերին վրայ։
Սառ փոխադրելու սկսելէ առաջ ամէն առտու Գօգօն եւ ես պէտք է խանութը աւլէինք, կանաչեղէններու եւ պտուղներու սնտուկները համադրէինք, դարակներուն վրայի ապրանքները դասաւորէինք եւ ընդհանրապէս կարելի եղածին չափ կոկիկ ու մաքուր երեւոյթ մը տայինք պարոն Անդրանիկին եւ տիկին Ազնիւին խանութին։ Այդ պահերուն առիթ կ’ունենայի յաճախորդ տիկիններու խօսակցութիւնը լսելու.
-Ազնիւ, մարուլին հատը քանի՞ է։
-Չորս ֆրանկ։
Հարցնող կինը քովը կարգի սպասող կնոջ կողմը կը դարձնէ գլուխը.
-Ամա՜ն քա, երէկ երկու ֆրանկ էր, այսօր երեք ֆրանկի ելեր է. ասանկ էրթայ նէ, մէկ երկու շաբաթէն էրիկիս բոլոր շահածը Անդոյին գրպանը պիտի մտնէ։
Ուրիշ կին մը իմաստալից ժպիտ մը դէմքին՝ աչքին ծայրով քովի կնոջ կը նայի եւ պարոն Անդրանիկին կը հարցնէ.
-Անդօ, լոլիկին քիլօն քանիի՞ ելաւ։
– Քանիի մանիի չելաւ, դեռ քառորդ թուղթ է։
Ուրիշ մը Անդոյին հարց կու տայ.
-Պարոն Անդրանիկ կանանչ ֆասուլիային քիլօն քանի՞ է։
-Տասը ֆրանկ։
-Պարո՛ն Անդրանիկ, ի՞նչ է Ռուսերուն երկինք նետած սարուխներուն հետ մրցումի մը՞ ելեր ես, որ առանց կենալու գիներդ վեր կ’ելլեն է։
Պարոն Անդրանիկ գլուխը ծռած՝ ուրիշ յաճախորդի մը գնելիք տոպրակ մը խնձորը կշռելով զբաղած է, կը լսէ սարուխներու մասին եղած հեգնական դիտողութիւնը, բայց չլսել կը ձեւացնէ։
Եւ այսպէս, առաւօտէն մինչեւ իրիկուն տիկին Ազնիւ եւ պարոն Անդրանիկ կը լսեն յաճախորդներու հարցումներն ու գանգատները, քիչ մը կը նեղուին, քիչ մը կը խնդան, քիչ մը կը գանգատին.
-Ազնիւ, ըսէ՛ տեսնեմ, մենք ի՞նչ կրնանք ընել, երբ մեզի մեծաքանակ ծախողները իրենց կանաչեղէններուն, պտուղներուն, ձիթաիւղին, կազոզներուն, հալւային, ռուպին, թահինին, պաստեղին, հաւկիթին… ամէն բանին գիները կը բարձրացնեն։ Մենք ալ, եթէ մեր գիները համեմատաբար չաւելցնենք, թոփ կը նետենք, տիկին Ազնիւին հարց կու տայ պարոն Անդրանիկ…
-Ամա՜ն մարդս, վնաս չունի, շատ մի՛ մտահոգուիր մեր յաճախորդներուն ըսածներով. մաքուր սիրտով կ’ըսեն, եթէ քիչ մը քեզի կը քաշքշեն, ատ ալ քեզի սիրելնուն համար է… Յետոյ, վերջին տոպրակին վրայ անոր տիրոջ անուան արձանագրութիւնը հազիւ աւարտած՝ խօսքը ինծի կ’ուղղէ տիկին Ազնիւ.
-Արա, եկո՛ւր տեսնեմ, այս տոպրակները ա՛ռ իրենց տէրերուն տունը տա՛ր, անունները վրան գրեր եմ, գիտցած մարդիկդ են, ամէն իրիկուան պէս…
Տոպրակները կ’առնեմ տիկին Ազնիւէն, հեծանիւին ետեւի ափսէին մէջ կը տեղաւորեմ ու ճամբայ կ’ելլեմ։ Մէկիկ մէկիկ կը յանձնեմ իրենց «տէրերուն»։ Մէկուն՝ տոպրակ մը լուբիա, միւսին տոպրակ մը խնձոր, լոլիկ, սմբուկ, քիչ մը հալւա, քիչ մը ձաւար, եւ այլն, եւ այլն… Ամէն իրիկուն տիկին Ազնիւ շրջապատի չքաւոր ընտանիքներուն կը բաժնէր տոպրակներով լեցուն ուտելիքներ։ Նոր Գիւղի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ սուրբ Գէորգ եկեղեցիներու խորանէն կամ Բեթէլ ժողովարանի ամպիոնէն (Զուարթնոցը չէր շինուած տակաւին) արտասանուած բարեսիրութեան ո՞ր քարոզը պիտի կարենար մրցիլ տիկին Ազնիւի անխօս քարոզին հետ, որ կազմաւորման տարիքի տղու մը մատղաշ սրտին մէջ բարեսիրութեան եւ մարդասիրութեան ծիլեր  կը փթթեցնէր։
Արա Մխսեան