Ճերմակ մազերը ետեւ սանտրուած ու ծոծրակին վրայ ամփոփուած, ինք՝ երկարահասակ ու թիկնեղ, դէմքը կնճիռներով լեցուն եւ աչքը՝ կապոյտ, կաս-կապոյտ, այնքան կապոյտ, որ ամէն նայելուս կը յիշէի «Աստուածաշնչական Պատմութիւններ»ուն մէջ կարդացած «Լոյսի Կաթիլը» պատմուածքը, որ նոր կարդացեր էի: Աչքը կ’ըսեմ, որովհետեւ տիկին Քաթրինը միականի էր, միւսին կոպերը փակ էին, չեմ գիտեր ի ծնէ՞ թէ արկածի մը հետեւանքով:
Տիկին Քաթրինը, Հալէպի Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոցի գլխաւոր մանկաբարձուհին, վկայեալ էր Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն (AUB):
Ասկէ գրեթէ դար մը առաջ, ուրեմն եղած են տիկ. Քաթրինին պէս օրիորդներ, որոնք իրենց ընտանիքը ձգած, գացեր են Պէյրութ, համալսարանական ուսումի:
Տիկ. Քաթրինը, հակառակ իր միականի ըլլալուն, կը հմայէր զիս իր մէկ աչքին խենթանալիք կապոյտով՝ յստակ, թափանցիկ կապոյտ մը, որ նոյնքան վախ կը պատճառէր ինծի, որքան հմայք, սարսափելի հմայք:
Եւ ծերութեամբ: Շատ ծեր էր ու ես կը զարմանայի թէ ինչպէ՛ս կ’աշխատի, ինչպէ՛ս կրնայ նոր ծնած պէպէքները իր ճմռթկուած ձեռքերուն մէջ պահել: Չէի տեսած որ ձեռքերը կը դողան, բայց կարդացեր էի եւ աւելի առաջ ալ տպաւորուեր էի  Հայկանոյշ նէնէիս հեքիաթներէն, որ բոլոր ծերերուն ձեռքերը կը դողան: Տիկին Քաթրինին ձեռքերը չէին դողար եւ հակառակ շատ ճմռթկուած ըլլալնուն, շատ ուժեղ ձեռքեր էին, ճի՛շդ ձայնին պէս, երբ կը բարկանար սխալ մը ըրած նըրսի մը կամ աշխատաւորի մը վրայ, բերնէն թրքախառն հայերէնին հետ թուքեր ալ թափելով:
Տիկին Քաթրինը հայերէնէն աւելի թրքերէն գիտէր ու կը խօսէր, նոյնիսկ երբ ժողովարան կ’երթար աղօթելու իր հոգեւոր քոյրերուն հետ, բոլորն ալ իր նման ծեր ու ճմռթկուած կիներ, որոնց հոտը չեմ կրնար մոռնալ:
Կը նստէի մայրանոցին պէպէքներու սենեակին պատուհանին մէջ, որ դէպի ետեւի թաղի ժողովարանը կը նայէր ու մտիկ կ’ընէի իրենց թրքերէն երգերը, որոնք թէեւ աղօթքներ են, կ’ըսէին, բայց ոչ մէկ կապ ունէին մեր եկեղեցւոյ շարականներուն հետ, որոնք կը շոյէին քունքերս ամէն Շաբաթ կէսօրէ ետքերը, երբ մօրս քեռկինին՝ Մարթխալօ Նուարդին հետ եկեղեցի կ’երթայի: Շարականներն ու խունկը կը շոյէին ունկս, քունքս ու այտերս եւ աչքաբաց երազանքի երանութիւն կու տային: Մարթխալօն թոյլ չէր տար որ աչքերս փակեմ. կուշտս կը մխտէր եւ շշուկով կ’ըսէր՝ «Հետեւի՛ր աղօթքներուն, որ սորվիս»:
Հինգ տարեկան էի:
Պատուհանին մէջ նստած, մտիկ ընելով այդ ծեր ու հոտած կիներուն բաղաձայն երգը, կը փորձէի հասկնալ թէ ինչո՛ւ թրքերէն կ’երգեն, կը խօսին ու մանաւանդ թրքերէն կ’աղօթեն, եթէ հայ են, ու յետոյ՝ ինչո՞ւ այսպէս տհաճ են իրենց երգերը եւ ԲՆԱՒ չեն նմանիր մեր եկեղեցիին քաղցր շարականներուն:
Նստած կը մնայի երկար ժամանակ, այս հարցումներուն պատասխան փնտռելով, որովհետեւ չկար մէկը որուն հարցնէի. շուրջս գտնուող բոլոր մեծերը կա՛մ շատ զբաղած էին, կամ ալ չէին գիտեր հարցումներուս պատասխանները.
-Է հայերէն չեն գիտեր,- կ’ըսէր մայրանոցի խոհարարուհին՝ Մարօշիկը, որուն նեղ աչքերն ու կարճ հասակը մտածել տուած էին որ չինացի կին մըն է, բախտի զարմանալի մէկ խաղով Հալէպի Նոր Գիւղի Կիւլպէնկեան մայրանոցը ինկած, որպէս խոհարարուհի:
Հակառակ խորշանքիս,- շատ զօրաւոր էր աղօթարանէն փչող հին մարմինի եւ աղտոտ լաթերու հոտը,- ամէն Կիրակի առաւօտ կը վազէի պէպէքներու սենեակին պատուհանը, հանգիստ կը տեղաւորուէի եւ լրջօրէն մտիկ կ’ընէի այդ բաղաձայն երգերը:
Ինչո՞ւ: Չեմ գիտեր:
Մայրս կ’ըսէր թէ Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոցը ամբողջ Սփիւռքի միակ մայրանոցն է, որ հիւանդանոց չէ եւ նուիրուած է միայն ու միայն ծննդաբերող մայրերու բարօրութեան:
Մայրանոցը հիմնուած է 1935 թուականին, հանրածանօթ Գալուստ Կիւլպէնկեանի Սերովբէ հօրեղբօր որդւոյն՝ Պատրիկի կողմէ, ի յիշատակ իր վաղամեռիկ կնոջ՝ Վերժինի, որ զաւկին ծնունդին ընթացքին կը մահանայ, միայն 32 տարեկան:
Հալէպի մէջ  Կիւլպէնկեան անունով նախակրթարան մըն ալ կար՝ Ազգային Պօղոս Կիւլպէնկեան վարժարան, որուն բարերարը՝ նոյն Պատրիկ Կիւլպէնկեան իր մահացած երախային՝ Պօղոսիկի  անունով կոչած է դպրոցը: Հալէպի մէջ հիմնած է նաեւ «Եփրատ» օրաթերթը, երկու տարի ինք ըլլալով խմբագիրը:
Այս մայրանոցին գլխաւոր մանկաբարձուհին էր տիկին Քաթրինը, որմէ բոլորը, բառացիօրէն բոլորը՝ մայրանոցի աշխատողներէն եւ նըրսերէն մինչեւ ծննդկան մայրերը կը սարսափէին: Այդ սարսափը կարծես իր բարերար ազդեցութիւնը կ’ունենար, որովհետեւ անգամ մը որ տիկին Քաթրինը իր որոտացող ձայնով պոռար՝ «Հրէ՛ տէտիմ, հատէ հրէ՛», ցաւերու մէջ ինքզինք մոռցած մայրը հպատակելէ զատ ուրիշ բան չէր կրնար ընել: Եւ զաւակը անմիջապէս կը ծնէր, շնորհիւ տիկին Քաթրինի հմտութեան եւ անշուշտ՝ որոտացող ձայնին:
Սովորական մահկանացուներուն հետ տիկին Քաթրինը թրքերէն կը խօսէր, կամ հայերէն, թրքերէն բառերով, իսկ մնացեալին հետ՝ բժիշկներուն եւ իր յարգանքը վայելողներուն հետ՝ անգլերէն: Շատ լաւ անգլերէն գիտէր անշուշտ, Ամերիկեան Համալսարանը ուսանած օրերէն, ինչպէս եւ բողոքական կրօնական երգերէն, որոնք հիմնականին մէջ Ամերիկայէն ներմուծուած կ’ըլլային եւ տեղական ոյժերով գէշ աղէկ հայերէնի թարգմանուած  կամ թրքերէնի:
Յետոյ օր մըն ալ տիկին Քաթրինը ա՛լ չեկաւ Կիւլպէնկեան Մայրանոց. ըսին թէ Ամերիկա գացեր է, թոռնուհիին քով, որովհետեւ «հոս ա՛լ հարազատ մէկը չունի»:
Մինչեւ այսօր կը յիշեմ Տիկին Քաթրինին կապոյտ աչքն ու կը լսեմ որոտացող ձայնը. դժբախտաբար սակայն չեմ յիշեր իր մականունը, պարզապէս որովհետեւ բնա՛ւ չեմ լսած զայն: Ինք պարզապէս Տիկին Քաթրին էր բոլորին համար:
Մարուշ Երամեան