Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեան կրկին դիմած է Վարչական դատարան` «Դիմադրութիւն» շարժումը համակարգող Իշխան Սաղաթէլեանին պատասխանատուութեան ենթարկելու պահանջով։
 
Նշենք, որ քաղաքապետը Յուլիսին կրկին նման հայցադիմում ներկայացուցած էր։
 
Հրաչեայ Սարգսեան այս անգամ երկու հայց ներկայացուցած է. հայցի հիմքը ՀՀ վարչական օրէնսգիրքի 180.1-ին յօդուածի 1-ին մասն է (առանց համայնքի ղեկավարին օրէնքով սահմանուած կարգով իրազեկելու կամ իրազեկման պայմաններու խախտումով հաւաք կատարելը)։ Դիմումներէն մէկը ստացուած է 16 Օգոստոսին, միւսը` 18-ին։ Երկու դիմումներն ալ մակագրուած են Վարչական դատարանի դատաւոր Դանիէլ Դանիէլեանին։
 
NEWS.am-ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց, որ այդ հայցադիմումներով իրենց չեն կրնար կաշկանդել. «Ես անոնց ընդհանրապէս լրջօրէն չեմ ընդունիր։ Այս քայլերով իրենք մեզի որեւէ ձեւով չեն կրնար կաշկանդել, ատիկա չի կրնար որեւէ ձեւով անդրադառնալ մեր գործողութեան վրայ։ Հերթական ուսապարկն է»։