Հրապարակախօս Յովհաննէս Իշխանեան կը գրէ.
 
«Անգամ մը հերոսացած ես, ուրեմն ալ հերոս ես։
 
Ոչ Աղաւնոյի Հակարի գետը, ոչ կարմիր տանիքներով տուները չէին, որ պէտք էր թուրքերուն այնքան, ինչքան դիմադրութեան օճախ վերացնելը, հերոսին վարկաբեկելը։
 
Հերոսը օրինակ է, որ սրընթաց կը տարածուի ու կը ձեւաւորէ մարդոց նոր տեսակներ։ Հերոսը հաւատ կը ներշնչէ, կամք կը փոխանցէ, ու դիմադրութիւն կը գոյանայ ֆաշիստ ցեղասպաններու դէմ։
 
Դաւաճանութեան, թուլամորթութեան եւ դաւաճաններուն աջակցող, թշնամիին հաշւոյն գործողներու պայմաններուն մէջ ամէն հերոսական քայլի մեջ նահանջած, յանձնուած, կաշառուած ուղեղները պիտի կեղտ բռնեն, ինչպէս քաղքենի կինը՝ շքամուտքին։
 
Դուք դատեցէք․ որեւէ ողջ մարդ չկայ, որ համարուի հերոս։ անոր զուգահեռ կը դատեն ապրող հերոսները եւ կ’արգիլեն մահացած հերոսներու անունները տալը։ Հետեւութիւն, շտապ պէտք էր վերացնել նոր հերոսի օճախը։
 
Աղաւնոյի գիւղապետ հերոս Անդրանիկ Չաւուշեան առանց որեւէ աջակցութեան կրցած է պահել գիւղը, որուն օրինակին հետեւած են իր ընկերները ու միասին պահած են զայն 2 տարի։
Եւ այդ պարագային ի՞նչ պիտի ընէ թուրքը, որ կոտրէ հերոսութեան օրինակը, որ չտարածուի հայ ժողովուդի մէջ ու դիմադրութիւն չառաջանայ։
 
Ինչ որ եղաւ դաւաճաններու, օտարին հաշւոյն գործող դաւաճաններուն, կաշառակերներուն, մսրա ծռերուն, թէ ուղղակի նախանձ մարդոց ձեռքով, որոնք կը տրաքեն անշահախնդիր, գաղափարական մարդոցմէ եւ կ’ուզեն, որ բոլորը իրենց պէս ըլլան, քանի որ իրենք արդէն քաքոտուած են, չեն ուզեր հաւատալ ու ապրիլ այն իրականութեան մէջ, ուր ոչ բոլորը կը քաքոտուին։
 
Բայց անգամ մը հերոսացած ես, ալ հերոս ես, քանի որ հերոսը ան է, որ անգամ մը թէկուզ կրցած է իրականութիւն ստեղծել իր կեանքի գնով, իսկ անցեալը ալ չես փոխեր։
 
Այնպէս, որ հերոսը՝ մեզի համար, մենք՝ հերոսին»։