Աւանդութեան համաձայն, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը հանդիսաւորապէս կը յիշատակուէր, խաղողօրհնէք եւ մատաղօրհնէք կը կատարուէր Ղնեմիէյի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, տեղւոյն հայութեան եւ Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ժամանած ուխտաւորներու ներկայութեամբ, տօնին յաջորդող շաբաթը:
 
Յետ պատերազմին, Ս. Գէորգ եկեղեցին վերանորոգուեցաւ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի օրհնութեամբ, Ղնեմիէյի Թաղական Խորհուրդին ջանքերով եւ ղնեմիէցիներու բարերարութեամբ, վերածաղկեցնելու Ղնեմիէյի եւ շրջանի բնակիչներուն հոգեւոր կեանքը: Եկեղեցւոյ վերօծումը կատարուեցաւ նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնով, 8 Յուլիս 2022-ին, ձեռամբ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր:
 
Պահելով աւանդութիւնը, երկար տարիներու ընդհատումէ ետք, Ուրբաթ, 19 Օգոստոս 2022-ին, Ղնեմիէյի բնակիչներն ու զանազան շրջաններէն ժամանած ուխտաւորները տօնական մեծ խանդավառութեամբ յիշատակեցին Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը, Ղնեմիէյի Ս. Գէորգ վերանորոգուած եւ վերօծուած եկեղեցւոյ մէջ:
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան:
Եկեղեցւոյ օրհնաբեր յարկին ներքոյ հնչեցին Աստուածամօր նուիրուած շարականներ՝ դպրաց դասին հոգեպարար կատարողութեամբ:
 
Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին խորհուրդը փոխանցելով, Քահանայ Հայրը փառք եւ գոհութիւն վերառաքեց Ամենակալին, որ կրկին անգամ եկեղեցին պայծառացնելով տօնախմբութեան այս առիթը ընծայեց մեզի: Ան գնահատեց Ղնեմիէյի թաղականութիւնը եւ դպրաց դասը՝ իրենց նուիրական ծառայութեան համար:
Պատարագի աւարտին, դալարագեղ բնութեամբ շրջապատուած եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, Քահանայ Հայրը խաղողօրհնէք եւ մատաղօրհնէք կատարեց:
Հաւատացեալները ուխտաւորաբար իրենց աղօթքները բարձրացուցին առ Աստուած եւ բերկրալի տօնին առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին իրարու: