Կիլիկիոյ հայ կաթողիկէներուն Պատրիարքական սինոդը, Գամիշլիի հայ Կաթողիկէներու եպիսկոպոս ընտրեց Գերապատիւ Գերյ. Հայր Անդրանիկ Վրդ. Այվազեանը:
 
Շաբաթ, 20 Օգոստոսին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը դադրեցուց Բերիոյ Հայ Կաթողիկէներու Թեմի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Պետրոս Միրեաթեանի Գամիշլիի թափուր աթոռի առաքելական կառավարիչի պաշտօնավարումը, եւ հաւանութիւն շնորհեց Գամիշլիի Թեմի Հայ Կաթողիկէներուն եպիսկոպոս նշանակել Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական սինոդի կողմէ ընտրուած Գերյ. Հայր Անդրանիկ Վարդապետ Այվազեանը։
 
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է.
 
«Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէներուն Պատրիարքական սինոդը, Գամիշլիի հայ Կաթողիկէներու եպիսկոպոս ընտրեց Գերյ. Հայր Անդրանիկ Վրդ Այվազեանը, որ մինչեւ օրս կը ծառայէր որպէս ժողովրդապետ Գամիշլիի Սուրբ Յովսէփ ժողովրդապետութեան մէջ, ապա որպէս մատրանապետ Հասիչէի սուրբ ընտանիք եկեղեցիէն ներս»։
 
Կենսագրական
___________________
 
Հայր Անդրանիկ Այվազեան ծնած է 29 Օգոստոս 1947-ին Գամիշլիի։ Ան մտած է Լիբանանի Զմմառեան միաբանութիւն, ուսանած է Պէյրութի Սուրբ Յովսէփ անուան համալսարանին մէջ, ապա Հռոմի Գրիգորեան համալսարանէն ներս։
 
Քահանայ ձեռնադրուած է 8 Մարտ 1972-ին, անդամակցելով Գամիշլիի Թեմին, ծառայած է Գամիշլիի Թեմէն ներս, Հասիչէի եւ Տէր Զօրի ժողովրդապետութիւններուն մէջ։
 
1984-ին արժանացած է Գերյարգելիի տիտղոսին։ Գերյ. Հայր Անդրանիկ Այվազեան իր հոգեւոր ծառայութիւններու եւ գործունէութիւններուն շարքին ստեղծած է անկարներու եւ երիտասարդներու հովուական ծառայութեան խնամակալութեան կարգ մը հաստատութիւններ, հիմնադիր եղած է Ճեզիրէի հայ կաթողիկէներու դպրոցներու, ինչպէս նաեւ Աղքատախնամ հաստատութեան։ Ստանձնած է կարգ մը դպրոցներու տնօրէնութիւնը եւ ամէն տարի Հայաստանի Երեւանի համալսարանի հրաւէրով, որպէս դասախօս, կը կազմակերպէ տարբեր դասընթացքներ։
 
Գերյ. Հայր Անդրանիկ Այվազեան հիմնած է Հայքօ Տիրպասյւէյի մէջ Սուրբ Գէորգ անուան սրբավայրը ու Գործադիր Տնօրէնն է Հայաստանի «Ռատիօ Մարիամ» ռատիոկայանին։
 
Գերյ. Հայր Անդրանիկ Այվազեան արաբերէն եւ հայերէն լեզուներէ զատ կը տիրապետէ Ֆրանսերէնի եւ Իտալերէնի։