Կիրակի, 21 Օգոստոս 2022-ի առաւօտեան ժամը 10։00֊ին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Տատաղլեան Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ աւարտին Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարեց, Սուրմալու առեւտրական կեդրոնի պայթումին հետեւանքով ինկած զոհերու հոգիներուն խաղաղութեան։ Աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած որ իր ողորմութեամբը խաղաղ հանգչեցնէ անոնց հոգիները երկնքի Օթեւաններու մէջ եւ Ս. Հոգւոյն մխիթարութիւնը պարգեւէ հարազատներուն։
Պատարագիչ քահանայ հայրը յաւուր պատշաճի քարոզեց հիմք ունենալով Ղուկաս աւետարանիչի Աւետման դրուագը 1/26֊38. “Այսօր անգամ մը եւս լսելի կը դառնայ մեր ականջներուն երկնառաք պատգամաբերն Գաբրիէլ հրեշտակապետին զօրեղ ու ինքնավստահ ձայնը, որ կը հնչէ շնորհընկալ Կոյս Մարիամի ականջներուն “ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՐ…”։
Նոյն Պատգամը հրեշատակին կողմէ լսելի դարձաւ գիշերային անդորրութեան մէջ իրենց ոչխարները արածող հովիւներուն.
“Մի’ վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ”։ Ինչպէս նաեւ Զաքարիայի ” Մի’վախնար Զաքարիա, որովհետեւ աղօթքդ լսելի եղաւ եւ կինդ Եղիսաբէթ պիտի ծնանի որդի մը անոր անունը Յովհաննէս պիտի կոչես” 1/13։
Քահանայ հայրը յիշեց Հին Կտակարանին մէջ անգամներ կրկնուած նոն պատգամը Աբրամի, Մովսէսի, Յիսուի, Դանիէլի եւ ուրիշներու։
Ապա Գողգոթայի ճամբէն քալած ու մահը իր խաչով նուաճած ԱստուածՈրդին նաեւ անգամներ կրկնեց նոյն զօրեղ եւ օգտաշատ պատգամը ըսելով.
֊Մի’ վախնար միայն հաւատայ. Ղկ. 8/50
֊ ինչո՞ ւ այդքան վախկոտ էք. Մրկ. 4/40
֊Մի’ վախնար փոքրիկ հօտ. Ղկ. 12/23
֊Մի’ վախնաք անոնցմէ որ մարմինը կը սպանեն…. Ղկ. 12/4֊5.
Հաւատացեալներուն ուշադրութեան յանձնեց “ՄԻ’ՎԱԽՆԱՐ…” այս զօրեղ , խորիմաստ եւ օգտաշատ պատգամը եւ հարց տուաւ ըսելով.
Ա֊”Ուրկի՞ց եկած է այս վախի զգացումը. որ Յիսուս յաճախ կը զգուշացնէր.
Բ֊ Ի՞ նչ են վախին հետեւանքները.
Գ֊Ի՞ նչ էր Քրիստոսի նպատակը այս պատգամը անգամներ կրկնելուն.
 
Ա֊ Ադամի ու Եւայի սկզբնական մեղքով մուտք գործեց Վախի զգացումը մարդ արարածին էութեան մէջ. երբ Աստուած Դրախտին մէջ կանչեց “Ո՞ւր ես Ադամ…” Ադամ պատասխանեց. ” Քու ձայնդ լսեցի եւ վախցայ…”։
Բ֊ Վախը հետեւանքները սարսափելի են եւ նախ կ’ազդէ մարդուն ֆիզիքական առողջութեան մինչեւ իսկ մահուան դուռը տանելով։
Վախի եւ սարսափի զգացումը կ’ազդէ մարդուն նկարագրին, մարդը դարձնելով գող, ստախօս, կեղծաւոր եւ ուրացող։
Վախի եւ սարսափի զգացումը հետզհետէ կը յուսահատեցնէ մարդը այն աստիճան որ ոճիր գործէ. Հերովդէս վախէն ջարդել տուաւ Բեթղեհէմի եւ շրջակայից մէջ գտնուող երկու տարեկանէն վար բոլոր մանուկները. Մտթ.2/17։
Գ֊ Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս ապրելով մարդկութեան մէջ կը զգայ որ վախն ու սարսափը պատեր են մարդ անհատին ողջ էութիւնը. ՄԻ’ՎԱԽՆԱՐ Պատգամելով, քանդեց, փշրեց թշնամութեան պատը Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ եւանով ջնջեց վապի ու սարսափի զգացումը. ինչպէս կ’ըսէ Պօղոս առաքեալ ” մինչ մեռած էինք, մեզ կենդանացուց Քրիստոսով” Եփս. 2/4։
Բանանք մեր մտքի աչքերը, սրտերն ու ականջները եւ Քրիստոսի այս ուժեղ եւ օգտաշատ “ՄԻ ՎԱԽՆԱՐ” Պատգամը արձագանգէ մեր ներսիդին, ցօրացնելու մեր հաւատքը, ամրապնդելու մեր կամքը դիմադրելու, պայքարելու մեր կեանքը ալեկոծող փոթորիկներու դիմաց, ի խնդիր մեր անձին, ընտանիքին, Ազգին ու եկեղեցւոյ պայծառութեան։
 
Թող Տէր Աստուած ինք պահէ ու պահպանէ մեր Մայր Հայրենիքը, Հայաստանն ու Արցախը ամէն չար փորձանքներէ։