Օրհնութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 21 Օգոստոս 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ՝ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնի պայթումին զոհուածներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին հանդիսապետեց, ապա Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարեց՝ Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան, ներկայութեամբ՝ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական մեծարգոյ Դաւիթ Դաթէոսեանի, ազգային գործիչ տիար Վրէժ Եագուպեանի, Ազգային Վարչութեան անդամներու եւ բարեպաշտ ժողովուրդին:
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան: Ս. Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց՝ եկեղեցւոյ դպրաց դասը:
Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի քարոզին բնաբանն էր՝ Ղուկասու Աւետարանին մէջ յիշուած Ս. Կոյս Մարիամի օրհնաբանութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին, Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին 9 օրեր շարունակ աղօթքներով եւ շարականներով կ’օրհնաբանէ Աստուածածինը:
Հայր Սուրբը յայտնեց, թէ Ս. Կոյս Մարիամ փոքր տարիքէն ընծայուեցաւ տաճարին, իր հոգին զարդարեց աստուածային շնորհքներով եւ իր ողջ կեանքի ընթացքին Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան մէջ մնաց:
Հետեւաբար, Հայր Մանուկ հրաւիրեց ներկաները՝ Ս. Կոյս Մարիամի օրինակին հետեւելով ծառայասէր ըլլալու, զԱստուած ճանչնալու, աստուածային ճշմարտութիւններուն հաւատալու եւ ապաշխարութեան ճամբով ու բարի գործերով արտայայտելու այդ հաւատքը:
Պատարագէն ետք, Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ՝ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնի պայթումին զոհուած հայորդիներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
«Հոգւոցն Հանգուցելոց» աղօթքը արտասանելով Հայր Սուրբը մաղթեց, որ Ամենակալը պայթումին զոհուածներու հոգիները լոյսի մէջ պահէ եւ Երկնքի Արքայութեան արժանացնէ, իսկ անոնց հարազատներուն Ս. Հոգւոյն մխիթարութիւնը պարգեւէ:
Աւարտին, եկեղեցւոյ «Ն. Աղբալեան» սրահէն ներս, Հայր Սուրբին, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդականին, Ազգ. Վարչութեան անդամներուն, ազգայիններուն, եկեղեցւոյ թաղականութեան, տիկնանց յանձնախումբին, աղքատախնամին եւ դպրաց դասին ներկայութեան ցաւակցութիւններ ընդունուեցան՝ պայթումին զո-հուածներուն յիշատակին:
Հայր Սուրբը ողջունեց ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդականին ներկայութիւնը եւ Բերիոյ Հայոց Թեմին անունով ցաւակցութիւն յայտնեց՝ զոհուածներու ընտանիքներուն, հաստատելով, որ որպէս սփիւռքահայեր միշտ Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայորդիներուն կողքին կը գտնուինք:
Բոլոր ներկաները սրտի խոր կըսկիծով «Տէրունական Աղօթք»-ը արտասանեցին՝ պայթումին զոհուածներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: