Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ 19 Օգոստոս 2022-ին, Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Երեւան:
 
Նիստին մասնակցեցան` Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ եւ «168 ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիրը, «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան նախկին եւ ներկայ տնօրէնները, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ եւ «Նոյեան տապան» լրատու գործակալութեան տնօրէնը, «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի տնօրէն-գլխաւոր խմբագիրները եւ տեսակապով` Չեխիոյ «Օրեր» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիրը:
 
Օրակարգի կէտեր նկատի առնուած էին.
 
– Տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցական նիստերու զեկուցում:
– Համակարգող խորհուրդի կազմի հանգրուանային համալրում:
– Յառաջիկայ Համահայկական համաժողովի թուականի ճշդում:
– Լրագրողներու համախմբումի գրանցման իրաւական հարցեր:
– Երիտասարդ լրագրողական մարդուժի պատրաստութեան ծրագիրներու նախագիծերու ներկայացում:
 
Ժողովը որոշեց յառաջիկայ համաժողովը կազմակերպել 2023-ի գարնան:
 
Համաժողովին հետ կապուած այլ մանրամասնութիւնները պիտի քննարկուին համակարգող խորհուրդի յառաջիկայ նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ նոյեմբեր 2022-ին:
 
ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ
ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴ