Ատրպէյճան, Իրանն ու Ռուսիան 22 Օգոստոսին յուշագիր ստորագրած են երթեւեկային տարանցումները աւելի դիւրին դարձնելու մասին։ Այս մասին յայտնած է TACC լրատուական գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով Թեհրանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան առեւտրային ներկայացուցչութեան մամուլի ծառայութենէն։
«22 Օգոստոսին Թեհրանի մէջ յուշագիր ստորագրուած է Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարանցիկ երթեւեկութեան դիւրացման մասին։ Բանակցութիւններուն ռուսական կողմը կը ներկայացնէր Դաշնային մաքսային ծառայութեան ղեկավար Վլատիմիր Պուլաւին», ըսուած է զեկոյցին մէջ։ Նշուած է, որ այս փաստաթուղթը պիտի նպաստէ, որպէսզի անդամ երկիրներու միջեւ մաքսային գործընթացները ըլլան աւելի արագ ու դիւրին։ Այս պահուան դրութեամբ Իրանէն դէպի Ռուսիա գացող ցամաքային կապը կ’անցնի Ատրպէյճանի տարածքով։