Հայ-վրացական սահմանին 19 Օգոստոսին նախատեսուած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշուիլիի հանդիպումը: Նախատեսուած է հայ-վրացական սահմանի «Բարեկամութիւն» կամուրջի պաշտօնական բացումը:
 
Հայ-վրացական սահմանի Սադախլօ-Բագրատաշէն անցակէտին մէջ «Բարեկամութիւն» անունը կրող կամուրջի կառուցման աշխատանքները աւարտած են: Շինարարութեան մեկնարկը տրուած էր Մայիս 2021_էն։ Երկու մասէն բաղկացած նոր կամուրջը կը համապատասխանի միջազգային չափանիշներուն, թողունակութիւնը աւելի մեծ պիտի ըլլայ: