Արցախը Հանրապետութեան խորհրդարանական 5 ուժերու ղեկավարները 23 Օգոստոսի առաւօտեան, հանդիպած են Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի ղեկավարութեան հետ:
 
Հանդիպման առիթը Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանորդ-խորհրդական Մաքսիմ Սելեզնեովի` վերջերս հրապարակած յայտարարութիւնն էր, ինչպէս նաեւ Օգոստոսի սկիզբո Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի հերթական խախտումն ու ապահովական հարցերը:
 
Հանդիպումին ընթացքում վերոնշեալ հարցերուն շուրջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուներուն կողմէ տրուած են պարզաբանումներ: Մասնաւորապէս յղում կատարելով 9 Նոյեբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան, ընդգծուած է, որ նոր երթուղին պիտի ունենայ նոյն միջանցքի իրաւական կարգավիճակ, եւ պիտի պահպանուին բոլոր ապահովական բաղադրիչները` սկսեալ 5 քմ-ոց ապահովական գօտիէն մինչեւ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու անցակէտերու տեղակայումը:
 
Անդրադառնալով վերջին իրադարձութիւններուն, Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի ղեկավար անձնակազմը յայտնած է, որ օգոստոսեան դէպքերուն գծով կատարած են անհրաժեշտ եզրահանգումներ, միեւնոյն ատեն անոնք վստահեցուցած են, որ լրացուցիչ ջանքեր կը գործադրեն` ապագային նմանօրինակ խախտումներ կանխելու եւ մեր բնակչութեան պատշաճ ապահովութիւնը ապահովելու համար: