Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովներու հանդիպումը նախատեսուած է մինչեւ Օգոստոսի վերջը՝ Մոսկուայի մէջ: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցին ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն՝ աւելցնելով, որ ձեւաւորուած հարցերու առանձին օրակարգ այս պահուն որոշուած չէ: