ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան 23 Օգոստոսին Հնարապետութեան հրապարակին վրայ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ.« Երբ ընդդիմութիւնը հանրահաւաքներուն վտանգներու մասին կը բարձրաձայնէր շատերը այդ ժամանակ հարցին խորութիւնը չէին գիտակցէր։ Չէ եղած որեւէ հարց, որուն մասին Դիմադրութիւն շարժումը, ընդդիմութիւնը, խորհրդարանական 2 ընդդիմադիր խմբակցութիւնները վերաբերմունք արտայայտած չըլլան, քայլեր ու գործողութիւններ ձեռնարկած չըլլան։ Առհասարակ 9 Նոյեմբերէն վերջ ամէն օր կ’ըսենք, որ այս մարդը քանի օր աւելի մնայ իշխանութեան վրայ , այդքան կորուստ պիտի ունենանք։ Հիմա ալ , եթէ չհեռացնենք նոյն խօսակցութիւնը պիտի ըլլայ Տիգրանաշէնի, Տաւուշի գիւղերու մասով։ Այսօր գլխաւոր հարցն է, որ Արցախը կը հայաթափուի, մէկ տարի առաջ կը խօսէինք այդ հարցին մասին»։ Դիմադրութեան շարժումին ընելիքներուն մասին տրուած հարցումին ի պատասխան ան յայտնեց․ «2 Սեպտեմբերին, Արցախի անկախութեան օրուան առիթով, տեղի պիտի ունենան հանրահաւաքներ՝ Սփիւռքի, Արցախի, Հայաստանի մէջ»։ Էտկար Ղազարեանի նախաձեռնած այսօրուան հանրահաւաքին համար Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ․ «Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով կայ նշանակուած հանրահաւաք , մենք յայտարարած ենք, որ որեւէ ուժ, որեւէ անձ , եթէ ազնիւ, արդար պայքար սկսի այս իշխանութեան դէմ ամէն ինչով պիտի աջակցինք», ըսաւ ան։