Բերձորի քաղաքապետ Նարեկ Ալեքսանեան 24News-ին ըսաւ, որ Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի Բերձոր քաղաքի բնակչութեան հիմնական մասը լքած է քաղաքը, տնօրէնութենէն բացի՝ քաղաքապետը, վարչակազմի ղեկավարը, աշխատակիցները, բնակիչներէն եւս 5-6 հոգի տակաւին մնացած են։
 
Ան դիտել տուաւ, որ մինչեւ օրուան վերջը մնացած 5-6 հոգին ալ պիտի հեռանայ քաղաքէն, իսկ ղեկավար կազմը՝ մինչեւ օրուան վերջը կամ վաղը։
 
Անոր համաձայն, ատրպէյճանական ներկայացուցչութիւնը տակաւին չէ ժամանած քաղաք, նոր անցակէտեր չեն տեղադրուած, ռուսական խաղաղապահները կը շարունակեն մնալ իրենց տեղը. «Միջանցքը կը շարունակէ գործել այնպէս, ինչպէս 1 ամիս առաջ կը գործէր, ռուս խաղաղապահները անցակէտի վրայ են»։
 
Ատրպէյճան պահանջած է, որ մինչեւ 25 Օգոստոս հայ բնակչութիւնը հեռանայ քաղաքէն, նոյն շրջանի Ներքին Սուս, Աղաւնօ գիւղերէն։ Ատրպէյճանի այս պահանջը պայմանաւորուած է Հայաստանը Արցախին կապող Լաչինի միջանցքի այլընտրանքային նոր ճամբու բաժինի շինարարութեան աւարտով։