Արցախի Հանրապետութեան օրուան առիթով Արցախի Ազգային Ժողովի բոլոր հինգ խմբակցութիւններուն նախաձեռնութեամբ 2 Սեպտեմբերին յայտարարուած է հանրային հաւաքի մը կազմակերպումը:
Այդ օրը` Երեւանի ժամով ժամը 17:30-ին, Ստեփանակերտի Ազատութեան հրապարակին վրայ բոլոր քաղաքացիները եւ մայրաքաղաքի հիւրերը հրաւիրուած են քայլերթի, իսկ ժամը 19:00 -ին կեդրոնական՝ Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք՝ նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան հռչակումին։
Արցախի ժողովուրդը հաւատարիմ է իր զաւակներուն արեամբ հաստատուած, հազարաւոր նուիրեալներու յամառ աշխատանքով ու քրտինքով կերտուած ինքնիշխան պետականութեան: Մասնակցելով երթ-հանրահաւաքին, մենք կը միանանք ազատութեան համար շարունակուող պայքարին՝ աշխարհին ի ցոյց դնելով մեր միասնականութիւնը եւ մեր իրաւունքներուն տէր կանգնելու կամքն ու վճռականութիւնը:
Անկախ Արցախը՝ հայկական Արցախ ունենալու հիմնական երաշխիքն է: