“Էրմէնիհապեր”._Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն հեռաձայնային զրոյց ունեցած է ատրպէյճանցի պաշտօնակից Ճեյհուն Պայրամովի հետ։ Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը։
Նշուած է, որ կողմերը քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր։ Այս մասին Twitter_ի վրայ գրառած է նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը։ Պայրամովի հաղորդումին համաձայն, Չաւուշօղլուի հետ արդիւնաւէտ հեռաձայնային զրոյց ունեցած են, որուն ընթացքին քննարկած են տարածաշրջանի մէջ առկայ իրավիճակը, Ատրպէյճան-Թուրքիա ռազմավարական դաշինքին առնչուող հարցեր, թրքալեզու պետութիւններու գործակցութեան մասին ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ բազմակողմ հարթակներու վրայ գործակցութեան հետագայ ընդլայնման առնչուող հարցեր։