Թրքական «EkoHaber» լրատու կայքի սիւնակագիր Մուսա Ալիօղլու «Հայաստանի հետ սահմանը պիտի բանանք» վերտառութեամբ յօդուած հրապարակած է:
Թուրք վերլուծաբանը նախ անդրադարձած է Հայաստանի ու Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կենսագրութեան՝ յիշեցնելով, որ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզուած են 1990-ականներուն, իսկ միջպետական սահմանները փակուած՝ 1993-ին:
Ըստ յօդուածագիրին, որոշակի յառաջընթաց նկատուած է 2008-ին մեկնարկած ֆութպոլային դիւանագիտութեան ատեն, երբ երկու երկիրներու նախագահները փոխայցելութիւններ կատարեցին Երեւան եւ Պուրսա՝ դիտելու Հայաստանի ու Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն խաղերը: Բայց յետոյ զարգացում չեղաւ եւ յարաբերութիւնները վերադարձան նախկին հուն:
Գալով արդէն նորագոյն շրջանին, յօդուածին հեղինակը  կը նշէ, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման շրջագիծին մէջ 2021-ին նշանակուեցան յատուկ ներկայացուցիչներ: Իսկ 2022-ի Փետրուարէն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վերականգնեցաւ օդային հաղորդակցութիւնը:
Ըստ յօդուածագիրին յայտնած տեղեկութիւններուն, Fly One Armenia օդանաւը 2022-ի Փետրուար-Յուլիս ժամանակահատուածին մէջ Իսթանպուլ բերած է 9309 ճամբորդ, իսկ նոյն ժամանակահատուածին մէջ այնտեղէն Երեւան տեղափոխած՝ 7737 ճամբորդ:
Ճամբորդներուն սակաւաթիւ ըլլալուն պատճառը Մուսա Ալիօղլուի կարծիքով նախ այն է, որ Հայաստանի բնակչութիւնը շուրջ 3 միլիոն է: Իսկ  ամենամեծ գործօնը երկու ժողովուրդներու թշնամանքն է, որ կը շարունակուի աւելի քան 100 տարիէ ի վեր:
«Ինչ անունով ալ կոչենք, մէկ է, 1915-ի ցաւալի իրադարձութիւնները պատմական փաստ են՝ երկու ժողովուրդներուն կողմէ կսկիծով յիշուող: Բայց կարելի է երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւններու զարգազումը, եթէ մարդիկ իրարու հետ շփուին ու ծանօթանան», յայտնած է Ալիօղլու:
Ան «լաւ զարգացում» կը համարէ այն, որ Հայաստանէն մարդիկ Թուրքիա կը մեկնին աշխատելու, գործուղումներու կամ տեսարժան վայրեր դիտելու: Միեւնոյն ատեն ցանկալի կը համարէ, որ նոյն ձեւով ալ թուրք ժողովուրդէն մարդիկ մեկնին Հայաստան եւ ծանօթանան այդ երկրին:
«Իր պատմութեամբ, արուեստով, մշակոյթով, գեղատեսիլ բնութեամբ եւ խոհանոցով գրաւիչ Հայաստանը կրնայ շատ լաւ զբօսաշրջային ուղղութիւն ըլլալ մեզի համար: Եւ տեղին կ’ըլլայ, որ «Թուրքիոյ զբօսաշրջական  գործակալութիւններու ընկերակցութիւնը» գործակցի Հայաստանի զբօսաշրջային կառոյցին հետ»:
Մուսա Ալիօղլուն խիստ կարեւոր կը համարէ Աքեաքայ շրջանին մէջ գտնուող հայ-թրքական ցամաքային սահմանի «Տողուքափը» անցակէտին բացումը Հայաստանի ու Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար, այլ ոչ թէ միայն 3-րդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար, ինչպէս որ համաձայնած են յատուկ ներկայացուցիչները:
Ցամաքային ճամբան, ըստ Ալիօղլուի, կարեւոր է ու Հայաստանէն եկող զբօսաշրջիկները կը նախընտրեն նաեւ ցամաքային ճամբան, որ կարելիութիւն կու տայ գումար տնտեսելու:
«Հազարաւոր մարդիկ կրնան այցելել հայկական քաղաքակրթութեան համար շատ կարեւոր  նշանակութիւն ունեցող Անիի աւերակները, Վանն ու անոր շրջակայքը: Անկախ ատկէ, Իսթանպուլի օդակայանը կրնայ ըլլալ տարանցիկ երթուղի Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ այլ երկիրներու մէջ ապրող սփիւռքահայերու համար, ովքեր կը փափաքին հայրենիք այցելել», կը գրէ Մուսա Ալիօղլուն եւ յօդուածը կ’եզրափակէ հետեւեալ մէջբերումով.
«Ինչպէս կ’ըսեն՝ «պետութիւնները չեն մնար յաւիտեան բարեկամներ կամ թշնամիներ: Անոնք կ’ունենան յաւերժական շահեր»: Ու այս հարցը մարդկային տեսանկիւնէ դիտարկելուն կողքին, կրնանք դիտարկել նաեւ տնտեսական տեսանկիւնէ»: