Կիրակի, 28 Օգոստոս 2022-ին, Քեսապի Կաթողիկէ Հայոց Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի յիշատակը յաւերժացնող կիսանդրիի բացում` Քեսապի շրջանին Սուրիոյ վերամիաւորման համար երջանկայիշատակ կարտինալին կատարած մեծ միջնորդութեան 83-ամեակին առիթով: Այս առիթով սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Եպս. Ասատուրեան:
 
Գերապայծառ Ասատուրեան այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ նշեց, որ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. կաթողիկոս պատրիարքը մեծ եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Քեսապը եւ անոր շրջակայ գիւղերը սուրիական գերիշխանութեան վերադարձնելու իմաստով` Սուրիայէն բռնախլուելէ եւ 1939-ին Թուրքիոյ միացուելէ ետք: Ան նաեւ պաշտպանեց սուրիական իրաւունքները Ալեքսանտրեթի նահանգին հարցով: Ան այսքանով չբաւարարուեցաւ, այլ նաեւ պաշտպանեց ընդհանրապէս պաղեստինեան եւ արաբական դատերը:
 
Պատարագին աւարտէն ետք ներկայ հոծ բազմութիւնը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ` ներկայ գտնուելու համար կարտինալ Աղաճանեանի կիսանդրիի բացումին: Խօսք առաւ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ վրդ. Լուիսեան, որ ըսաւ, թէ հաւաքուած ենք այս օրհնեալ եկեղեցւոյ մէջ արտայայտելու համար մեր յարգանքի եւ գնահատանքի զգացումները այս մեծ հայուն` Աղաճանեան կաթողիկոս պատրիարքին նկատմամբ: Շնորհիւ կարտինալ Աղաճանեանի թափած ջանքերուն եւ աշխատանքին, ինչպէս նաեւ անմնացորդ նուիրուածութեան, հայ ազգը արժանացաւ միջազգային ընտանիքի յարգանքին:
 
Նշենք, որ Վատիկանի եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են յառաջ տանելու համար կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս պատրիարքի սրբադասման դատը: