Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի օրերուն, եգիպտահայ գաղութի պատասխանատուները, Եգիպտոսի Թեմին Առաջնորդութեան աջակցութեամբ, իմաստուն ծրագիրը ունեցած էին Երեւանի յիշատակի պաշտօնական հանդիսութիւններուն հրաւիրելու Եգիպտոսի ԶԼՄ-ներուն (զանգուածային լրատուական միջոցներ) մէջ աշխատող  յիսուն հոգինոց խումբ մը, մասնակցելու եւ մօտէն հետեւելու յիշատակի արարողութիւններուն եւ հանդիսութիւններուն:
Խումբը, իր վերադարձէն ետք, լայնածաւալ կերպով անդրադարձած էր Հայոց Ցեղասպանութեան, մանաւանդ որ Եգիպտոսի քաղաքական դիրքորոշումը կը քաջալերէր ատիկա:
Հինգ տարի ետք, 2020 թուականի երկրորդ քառորդին, Գահիրէի մէջ լոյս կը տեսնեն արաբերէն լեզուով գրուած վէպեր, հեղինակութեամբ եգիպտացի գրագէտներու: Այդ վէպերը կ’անդրադառնան,  ուղղակի թէ անուղղակի կերպով, հայութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան, գաղթականութեան եւ անոնց հետեւանքներուն: Վէպերուն գլխաւոր հերոսները  ընդհանրապէս Եգիպտոս ապաստանած հայերու յաջորդ սերունդներն են:
Ճիշդ է, որ հայ կերպարներ յաճախ  երեւացած են արաբական վէպերու մէջ, մանաւանդ սուրիացի գրագէտներու հեղինակութեամբ, սակայն նոր է, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ի՛նք կը դառնայ առանցքը ամբողջ վէպի մը:
Հատորը, որուն վրայ կ’ուզենք հրաւիրել ընթերցողին ուշադրութիւնը, եգիպտացի երիտասարդ վիպագիր Մայսարա ալ-Տանտարաուիի «Վերջին Ընթրիքը» խորագրուած վէպն է:
Վէպը մեծ հետաքրքրութեամբ կ’ընթերցուի, ոչ միայն որովհետեւ կառոյցը կուռ է եւ բաւական գրաւիչ, այլ նաեւ որովհետեւ արկածախնդրական գիծ մը ունի, որ կը ստիպէ ընթերցումը շարունակել, մինչեւ աւարտ:
Աւարտը սակայն … բաց աւարտ մըն է, ճիշդ մեր դատին նման, որ իր արդար լուծումին կը սպասէ:
Դէպքերը կ’ընթանան Գահիրէի  շքեղագոյն ճաշարաններէն մէկուն մէջ, որուն տէրը հայ է, իսկ ամբողջ աշխատախումբը իր անմիջական ընտանիքն է, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ իրենք զիրենք հաստատած մարդոց յաջորդական երկու սերունդներու ներկայացուցիչներ:
Այդ ճաշարանէն ներս ընթրիքի մը հրաւիրուած են վեց կարկառուն անձնաւորութիւններ, իւրաքանչիւրը ի՛ր մասնագիտութեան մէջ նշանաւոր: Զիրար հազիւ կը ճանչնան, կամ լսած են միայն իրարու մասին: Իրենք ալ կը մտածեն թէ ի՞նչ է զիրենք կապողը եւ ինչո՞ւ  հրաւիրուած են այս ընթրիքին:
Անշուշտ այս վեց հրաւիրեալները մոռցած են իրենց պապերը, որոնք … Ցեղասպանութեան մէջ դեր ունեցած մարդիկ եղած են:
Ճաշարանատէրը շատ լաւ գիտէ օգտուիլ համացանցային նորագոյն  միջոցներէն, որոնցմով սկսած է եւ կը շարունակէ սեղմել իր ցանցը այս վեցին շուրջ:
Վէպին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան կողքին, կը ներկայացուի նաեւ եգիպտացի միջինէն վեր դասակարգին կարծիքը ջարդին եւ գաղթականութեան  մասին, որ … կարծիք իսկ չէ, պարզապէս պղտոր գաղափար մը, որուն մէջ յաճախ անարդարութիւն ալ կայ:
Կը ներկայացուի նաեւ Եգիպտոս ապրող երրորդ սերունդի հայու կերպարը, որուն համար արաբերէնը շատ աւելի հարազատ է, բայց որ անընդհատ կը պախարակուի ծնողքին կողմէ,  մայրենիով չխօսելուն համար:
Գիրքը, որ գլխաւոր երեք գլուխներէ բաղկացած է, 349 էջերով, իր աւարտը կը գտնէ Սողոմոն Թէհլիրեանի Թալաաթ փաշայի գնդակահարման մանրամասն նկարագրութեամբ, կարծես որպէս յետադարձ արձագանգ վէպին դէպքերուն, կամ հաստատում մը, որ թէեւ վէպ, սակայն այդպիսի դէպք պատահած է անցեալին, այն ալ Եւրոպայի հզօրագոյն երկրին՝ Գերմանիոյ մէջ:
Վերջին էջին վրայ, վէպի մը համար անսովոր,  նշուած են աղբիւրները, որոնք բազմաթիւ չեն, սակայն կարեւոր հանգրուաններ կը խորհըրդանշեն մեր ժամանակակից պատմութեան համար եւ կը հաստատեն թէ հեղինակը ուսումնասիրական որոշ աշխատանք տարած է իր վէպը գրելէ առաջ:
-«Նեմեսիս», Էրիք Պօղոսեան.
-«Խորունկ Լեռը», Էկի Թէմէլքուրան (թուրք գրագիտուհի).
-«Օրացոյցը», ֆիլմ Ատոմ Էկոյեանի.
-«Արարատ», ֆիլմ Ատոմ Էկոյեանի.
-«Հայկական Յեղափոխական Շարժումները», դոկտորական թէզ, Լուիզա Նալպանտեան.
-«Հայերը Եգիպտոսի մէջ» դոկտ. Մուհամմէտ Րիֆաաթ ալ-Իմամ.
-«Հայկական Հարցը Օսմանեան Պետութեան Մէջ», նոյնին.
-«Ալ-Ահրամ» եգիպտական օրաթերթէն յօդուածներ.
Վէպին մէջ ընդգրկուած են Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան» պոէմին  առաջին գլուխէն երեք հատուածներ:
Վէպին սկիզբը հեղինակը փոխանակ սովորական նախադասութիւնը գրելու՝ «Վէպին մէջ յիշուած դէպքերն ու դէմքերը երեւակայածին են եւ այլն …», կը գրէ.
«Չեմ կրնար հերքել կամ հաստատել 1915-էն մինչեւ  2015, Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը»:
Գիրքը ձօնուած է «Պաղեստինցիներուն, պոսնացիներուն, հայերուն, սուրիացիներուն, րոհինկաներուն, ակորներուն, քաշմիրներուն, քիւրտերուն, բնիկ ամերիկացիներուն եւ բոլոր անոնց, որոնց հողը խլուեցաւ իրենցմէ, որոնք ցեղային մաքրագործումի ենթարկուեցան, գաղթական դարձան, իրենց իրաւունքը յափշտակուեցաւ եւ իրենց խաղաղութիւնը խողխողուեցաւ … ձեր բոլորին»:
Երեւոյթը ինքնին իրապէ՛ս հետաքրքրական է:
Մարուշ Երամեան