Սփիւռքի յաւելեալ կազմակերպումը եւ հզօրացումը անվիճելի հրամայական է (քիչ ետք կը խօսինք ասոր կրկնակի նպատակներուն մասին): Ներկայ աշխարհին մէջ, նիւթական միջոցները, տնտեսական ինքնաբաւութիւնը անխուսափելի հրամայականներ դարձած են: Անցած են այն ժամանակները (երանելի ժամանակներ), երբ ազգային կեանքը առաւելաբար յառաջ կը տարուէր նուիրաբերումով, հանգանակութիւններով, կամաւոր աշխատանքով (այդ երանելի ժամանակներուն բարի պտուղը եղաւ սփիւռքեան յետ-Ցեղասպանութեան  գաղութներուն կազմակերպումն ու զարգացումը): Մեր այսօրուան կեանքին մէջ, ասոնք շարունակուող բարի աւանդութիւններ են, սակայն չենք կրնար մեր մատին ետին պահուըտիլ եւ ըսել, այս ընթացքը նախկին թափով ու տարողութեամբ ի զօրու է այսօր, պիտի շարունակէ ի զօրու մնալ վաղը եւս: Տնտեսական յանձանձումի բարեփոխումը (չըսելու համար՝ յեղաշրջումը) հրամայական է:
Հաւաքական կեանքը աւելի լաւ մակարդակի հասցնելու եւ աւելի դիւրին կառավարելու համար (ինչպէս կ’ընեն անհատ ընտանիքներ), անհրաժեշտ են տնտեսական միջոցներու-պայմաններու տարբեր ու այժմէական դրութիւններով կազմակերպումը, ենթահողի հզօրացումը, մասնագիտական դրութիւններու որդեգրումը: Որքան ալ ըսենք, որ նիւթականը առաջնակարգ չէ, այսօրուան աշխարհը, մեզմէ անկախ եւ քիչ մըն ալ հակառակ մեր կամքին, նախկինէն տարբեր հրամայականներ ու հարկադրանքներ կը ստեղծէ: Սա նորութիւն չէ, նորութիւն պիտի ըլլայ՝ համապատասխան տարողութեամբ վերցնել նետուած ձեռնոցը: Ու եթէ ստեղծուի նիւթական-տնտեսական ինքնաբաւարարութիւն, անկէ քայլ մըն ալ անդին երթալով՝ ստեղծուին հասոյթի, եկամուտի մնայուն եւ ճիշդ կառավարելի աղբիւրներ, արդէն մեր հաւաքական կեանքը դրած կ’ըլլանք շա՛տ աւելի հեզասահ ընթացքի մէջ: (Ի՜նչ խօսք, որ նոյն տրամաբանութիւնը ի զօրու է նաեւ մեր հայրենիքին համար, այսինքն՝ սա ձեւով մը պետական մտածողութեան զարգացում կը նշանակէ):
Կարճ խօսքով, սփիւռքեան գաղութներու միջեւ հասարակաց գետիններ որոնելու եւ համակարգումի ճամբով՝ հայկականութեան բարելաւման ծրագիրներ ի գործ դնելու համար, կենսական են նիւթական միջոցները: Սա մէկ օրէն միւսը ստեղծուելիք համակարգ չէ, սակայն անհրաժեշտ է տարբեր աշխարհահայեացքի եւ տեսլականի, հորիզոններու պատկերացում, սակայն նաեւ տուեալ երկրի մը կամ աշխարհատարածքի մը մէջ օրինական հնարաւորութիւններու պեղում, օգտագործում: (Անհատներ կ’ընեն, իսկ հաւաքական կեանքի մէջ մանր գետակները անբաւարար չափով ոռոգող չեն):
Առաջին մակարդակով, պէտք է որդեգրել այնպիսի մօտեցում, հորիզոն, որ սփիւռքեան գաղութներէն իւրաքանչիւրը դառնայ ինքնաբաւ, ինքզինք ապահովէ մնայուն եկամուտ(ներ)ով, հոգացուին դպրոցներու, մամուլի, միութիւններու եւ ազգային հաստատութիւններու, այսինքն՝ գաղութին տարրական, ապա նաեւ զարգացման, բարելաւման կարիքները: Չենք խօսիր անիւի գիւտը ընելու կամ անիրականանալի երազներու մասին, այլ աչքի առջեւ ունինք այլ ժողովուրդներու եւ հաստատութիւններու (օրինակի համար՝ եկեղեցիներ) փորձառութիւնները, անոնց որդեգրած եւ օրէնքներուն համապատասխանող դրութիւնները:
Սփիւռքեան իւրաքանչիւր օճախի ինքնաբաւութիւնը, ապա նաեւ զարգացման, բարգաւաճման նախադրեալներու ստեղծումը, յաջորդ փուլին, պիտի ստեղծէ վիճակ, որ աւելի պիտի դիւրացնէ մէկզմէկու օգնութեան հասնելու կարելիութիւնները, ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ հայրենիքին ձեռք երկարելու հնարաւորութիւնը (հոս ալ կարելի է աչքի առջեւ ունենալ այլոց փորձառութիւնները): Օրինակները հազուադէպ չեն: Արձանագրենք մէկ քանին: Լիբանան 1975-ին բռնուեցաւ քաղաքացիական կոչուած պատերազմի մը ոլորապտոյտին մէջ, որ տարբեր արտայայտութիւններով այսօր ալ բազմերես տագնապի մէջ կը պահէ այդ երկիրը: Հազուադէպ չեն այն փուլերը, երբ սփիւռքեան օճախներ, մերթ ընդ մերթ նաեւ մայր հայրենիքը օգնութեան ձեռք երկարեցին Լիբանանի հայութեան, սակայն նաեւ գիտենք, որ սպասուածին հասնելու համար, մեր կարողութիւններն ու կարողականութիւնը սահմանափակ են: Նման վիճակներու մատնուեցան Սուրիոյ եւ Իրաքի մեր օճախները, Իրանի գաղութը կը թուի աւելի ինքնաբաւ ըլլալ…: Սփիւռքը  նաեւ օգնութեան ձեռք երկարած է հայրենիքին, երկրաշարժէն ետք թէ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին ճամբով: Որքան ալ որ գովելի եւ հպարտառիթ են նման օժանդակութիւններ, գիտենք, որ անոնք մնացած են որոշ սահմաններու մէջ:
ՍՓԻՒՌՔԻ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ՝ ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ
Սփիւռքի պահպանման ու բարելաւման, բարգաւաճման համար, կան բազմաթիւ նախապայմաններ, որոնց շարքին, առաջնահերթ են երկու երեսի յստակացում:
Եթէ այսօր հարց տանք, արդեօք ունի՞նք Սփիւռքի ամբողջական մօտաւոր քարտէզը, այսինքն՝ համայնապատկերը այն երկիրներուն ու շրջաններուն, ուր ունինք առաւել կամ նուազ չափով կազմակերպուած գաղութ (կրնանք հարցումը տարածել նաեւ «կորսուած», հայութեան ընդհանուր կեանքէն խզուած շրջաններու վրայ), կամ՝ Սփիւռքի մէջ քանի՞ հայ կը բնակի, ո՛չ ոք կրնայ ճշգրիտ պատասխան մը տալ (գիտական մօտեցումով պատասխանի մասին է խօսքը): Սովորաբար կ’ըսենք, թէ Հայաստանի բնակչութեան թիւը շուրջ 3 միլիոն է, իսկ աշխարհի տարածքին, կ’ապրի շուրջ 10 միլիոն հայ, այսինքն՝ Հայաստանի սահմաններէն դուրս կ’ապրի մօտաւորապէս 7 միլիոն հայ:
Այս թիւին «տրամաբանութենէն» դուրս կը մնան այլասերած, հայութեան կեանքէն խզուած, օտարացած, ձուլուած հայերը (հազուադէպօրէն ականատես կ’ըլլան նմաններու վերազարթօնքին, հայութեան հետ կապերու վերահաստատման, սակայն անոնք ծաղիկ բերող գարուններ չեն): Կա՞յ մէկը, Հայաստանի մէջ կամ Սփիւռքի տարածքին, որ իսկապէս գործնական աշխատանք տարած է, հաշուելու համար, թէ իսկապէս ի՛նչ է հայութիւն կոչուած զանգուածին այսօրուան թիւը, ատիկա ինչպէ՞ս բաշխուած է գաղութներու վրայ: (Բոլորովին այլ հարց է այն, որ եթէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի գաղութներուն մէջ ունենայինք հա՛յօրէն ապրելու եւ զարգացում վայելելու տարրական նախադրեալները, այսօր հայութեան թիւը ո՞ւր հասած կ’ըլլար):
Նման հաշուարկ՝ կը թուի անկարելի առաքելութիւն, ո՛չ միայն վիճակագրութեանց եւ պաշտօնական արձանագրութեան բացակայութեան, թերի ու մասնակի ըլլալուն պատճառով, այլ նաեւ առարկայական այլ տուեալներու հետեւանքով: Օրինակի համար, եթէ Լիբանանի պէս գաղութի մը մէջ, հայութեան թիւը իմանալը համեմատաբար դիւրին է (որովհետեւ ծնողն ու մահացողը կ’արձանագրուին ազգային հաստատութեանց տոմարներուն մէջ, թէեւ հոն ալ գաղթողներուն թիւը ստուգելը դժուար է), անդին, արեւմտեան եւ այլ աշխարհներու մէջ, սա գրեթէ անկարելի է. ծնողներուն ու մահացողներուն արձանագրութիւնները կը պահուին պետական գրասենեակներու մէջ:
Յետոյ, խառն ամուսնութիւնները շատ աւելի անհակակշռելի, հետեւաբար՝ հաշուարկներէ դուրս ինկող տուեալներ են (ծանօթ է, որ միջին արեւելեան օճախներու, նաեւ Թուրքիոյ մէջ ալ խառն ամուսնութիւնները անհամեմատօրէն աճած են): Այլ խօսքով, սփիւռքեան իւրաքանչիւր գաղութի, հետեւաբար նաեւ ամբողջ Սփիւռքի մէջ, իր «դասական», նորաստեղծ եւ թաքուն միաւորներով, հայութեան մարդուժի տարողութիւնը կը մնայ մեծ անծանօթ մը: Իսկ Սփիւռքի դիմագրաւած հարցերուն տեսանկիւնէն, նման տուեալի իմացութիւնը կրնար նպաստաբեր ըլլալ:
Կը հետեւի նաեւ, որ իւրաքանչիւր գաղութի, հետեւաբար նաեւ՝ Սփիւռքի նիւթական ներուժը միայն մասնակիօրէն ծանօթ է: Չենք տարուիր այն երեւակայութեամբ, որ նման ներուժի ընդհանուր պատկերը կարելի է ունենալ գէթ մօտաւոր ձեւով, սակայն հոս ալ կը կանգնինք ուշագրաւ մարտահրաւէրի դիմաց: Իւրաքանչիւր գաղութի մէջ, կան ծանօթ, երբեմն ալ մէկ անգամ երեւցող բարերարներ, որոնք ձեռք կ’երկարեն ազգային կեանքի այս կամ այն միաւորին:
Մինչդեռ, եթէ տնտեսական աշխարհին մօտենանք տարբեր ակնոցով, մասնագիտական եւ արհեստավարժութիւն պահանջող տրամաբանութեամբ ուսումնասիրենք իւրաքանչիւր գաղութի՝ տուեալ երկրին ընձեռած կարելիութիւնները, նիւթական միջոցներու կեդրոնացումի, օրինական շահարկման ձեւեր որոնենք (ինչպէս կ’ընեն ուրիշներ), հաւանաբար նիւթական կարելիութիւններով օժտուած անհատներ (որոնց կու տանք բարերար անունը) քայլ առ քայլ աւելի ներգրաւուին Սփիւռքեան կարիքներէն բխող կալուածներու մէջ:
Սա մեզ պիտի տանի հանգանակային, նուիրատուութիւններու վստահելու գործելաձեւէն քայլ մը (թերեւս ալ աւելի՛) անդին, պիտի ստեղծէ շահակցական գործառնութեանց դրութիւններ, ուր մասնակիցը հաւաքականութեան պիտի չմօտենայ լոկ նուիրաբերողի, բարերար ըլլալու տրամաբանութեամբ (այս տողերը թող չնկատուին ցարդ ի զօրու եղող դրութիւնը՝ բարերարութիւններ, նուիրատուութիւններ արհամարհելու, անկարեւոր նկատելու արտայայտութիւն. նման արարքներ միշտ ալ գոհունակութիւն կը պատճառեն եւ բարձր գնահատանքի արժանի են. մեր դիտաւորութիւնը այն է, որ այսօրուան եւ վաղուան աշխարհը ստեղծած են եւ պիտի ստեղծեն տարբեր մակարդակի հարկադրանքներ, որոնց հետ պէտք է քայլ պահել յառաջատուական տրամաբանութեամբ):
(շար. 3)
Ս. Մահսերէճեան