“Էրմէնի հապեր”._Թուրքիոյ Իզմիր նահանգի Մենեմեն քաղաքին մէջ գտնուող կիսաքանդ հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին պիտի վերանորոգուի։
 
Հարցին շուրջ խօսած է Մենեմենի քաղաքապետի պաշտօնակատար Այտըն Փեհլիվանը, որուն խօսքին համաձայն, եկեղեցին պիտի վերանորոգուի եւ պիտի օգտագործուի որպէս «Մշակոյթի ու գիտութեան կեդրոն»:
 
Փեհլիվանի տեղեկութիւններուն համաձայն, եկեղեցին մինչեւ 1922 օգտագործուած է հայերու կողմէ: Հետագային եկեղեցին անուշադրութեան մատնուած է, որուն հետեւանքով ալ տարիներու ընթացքին եկեղեցին կորսնցուցած է նախկին տեսքը:
 
«Անհրաժեշտ թոյլտուութիւնները ստանալէն վերջ մենք մրցոյթ յայտարարեցինք: Վերականգնողական աշխատանքներու աւարտէն վերջ կը նախատեսենք անիկա ծառայեցնել մեր ժողովուրդին՝ որպէս արուեստի ու գիտութեան կեդրոն», ըսած է քաղաքապետի պաշտօնակատարը:
 
Նշենք, որ Մենեմենի Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցին լքուելէն վերջ թուրքերու կողմէն որոշ ժամանակով օգտագործուած է որպես զինուորական պահեստ, ապա՝ ախոռ։