Բժշկական հատուածը մասնագիտական մարդուժով օժտելու նպատակով, Երկուշաբթի, 29 Օգոստոս 2022-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հրապարակեց 2022-ի «16» թուակիր սահմանադրական հրամանագիրը, որուն համաձայն Սուրիոյ համալսարանի բժշկութեան տարբեր ճիւղերու, բժշկական եւ առողջապահական հիմնարկներու եւ հիւանդապահութեան ճիւղի բժշկութեան վկայականի արժանացած շրջանաւարտներուն առիթ պիտի ընծայուի բժշկական հատուածին մէջ ծառայելու, որոշ օրէնքներու հիման վրայ։ Հրամանագիրին համաձայն, դիմում ներկայացնող շրջանաւարտներէն ընդունուողները անմիջապէս գործի պիտի սկսին առանց քննութեան կամ մրցումի մասնակցելու։ Հրամանագիրին համաձայն, ընդունուողները Սուրիոյ պետութեան պիտի ծառայեն 10 տարի, իսկ զինուորական ծառայութիւն ունեցողներուն պարագային, զինուորական ծառայութիւնը 10 տարուան ծառայութեան մէջ պիտի ներառուի։