2 Սեպտեմբերին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Դիմադրութիւն» շարժումի հանրահաւաքը՝ նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 31-ամեակին:
 
Հանրահաւաքը սկիզբ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան օրհներգներով։
 
Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին յանուն հայրենիքի զոհուած հայորդիներու յիշատակը։
 
Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան իր խոնարհումը արտայայտեց մէկուկէս տարի միասնական ըլլալու եւ «Դիմադրութիւն» շարժումին այս ողջ նախաձեռնութեան ընթացքին քաղաքացիներու աշխուժութեան համար:
 
Ան շեշտեց, որ այսօր ալ պէտք է վճառականութեամբ լեցուիլ ու միասնականութիւն ցուցաբերել, քրտնաջան աշխատանքով հասնիլ յաջողութիւններու՝ յանուն Հայաստանի եւ Արցախի պայքարին։
 
«Այսօր մենք իրաւունք չունինք Արցախի ժողովուրդը, Արցախը միայնակ ձգելու, պարտաւոր ենք մեր պայքարի յաղթական ոգիով Արցախի ժողովուրդի կողքին կանգնիլ», ըսաւ ան։
 
Սէյրան Օհանեան աւելցուց՝ պայքարը վերջնական փուլ կը մտնէ, վճռականութեամբ լեցուած՝ պիտի հեռացնեն գործող իշխանութիւնները։
 
«Աւարտելով խօսքս՝ կ’ուզեմ անգամ մը եւս աջակցիլ Արցախին՝ վանկարկելով Ար-ցախ», ըսաւ ան։
 
Մենք հիասթափուելու իրաւունք չունինք, հիասթափութիւնը Նիկոլ Փաշինեանէն մեծ վտանգ է. իր խօսքին մէջ ըսաւ Ազգային Ժողովի «Պատիվ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիճանեան։
 
«Մարդիկ կը մօտենան, կ’ըսեն՝ թէ ինչ կ’ընեն, ձգեմ երթամ։ Մենք պիտի չերթանք։ Ինքը պիտի երթայ», յայտարարեց ան։
 
Մամիճանեան յայտնեց, որ Պրիւքսէլի վերջին հանդիպումներէն վերջ հրապարակուած գրութիւններուն մէջ յիշատակում չկայ ո՛չ Լեռնային Ղարաբաղի մասին, ո՛չ գերիներուն, ո՛չ ալ Արցախի ինքնակառավարման մասին։
 
«Վերջնականապէս Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները զատուած են ղարաբաղեան տագնապէն: Սա կը նշանակէ, որ պաշտօնական Երեւանը ձեռքերը կը լուայ Արցախէն: Ու մենք ատիկա թոյլ տալ չենք կրնար», ըսաւ ան:
 
«31 տարի առաջ այս օրը Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ ԼՂԻՄ մարզային պատգամաւորներու եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդի միացեալ նիստը, որուն ընթացքին Արցախը հռչակուեցաւ անկախ», իր ելոյթին մէջ յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան:
 
«Արցախի անկախութիւնը հայ ժողովուրդը ձեռք բերել է իր զաւակներուն արեան գնով: Արցախը հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնն է: Արցախը մեր անցեալն է, մեր ներկան ու ապագան: Արցախը մեր հողն ու ջուրն է, մեր ժառանգութիւնը: Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ըսեն, եկէք հայրենիքի մէկ մասը զիջինք, որ միւս մասը պահենք, գլուխները պատին կու տան: Մենք զիջելով պիտի կորսնցնենք նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու պետականութիւնը», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:
 
Ան ըսաւ, որ Արցախի գլխուն կախուած աղէտը աղէտ է նաեւ Հայաստանի համար, Արցախը հայ ժողովուրդի համար գոյաբանական խնդիր է, անիկա մեր ուժն է, անվտանգութիւնը, մեր արժանապատուութիւնը:
Հանրահաւաքը իր աւարտին հասաւ օրուան խորհուրդին համահունչ երգերով։