Ստեփանակերտի կեդրոնական փողոցները 2 Սեպտեմբերին լեփ-լեցուն էին։ Արցախի Հանրապետութեան 31-րդ տարեդարձին առիթով Երեւանի ժամով ժամը 18:00-ին Ազատութեան հրապարակէն քայլերթ սկսաւ դէպի Վերածնունդի հրապարակ, ուր մէկ ժամ անց տեղի ունեցաւ հանրահաւաք։
 
Երթը կ’առաջնորդէին Արցախի Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններու պատգամաւորները, ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւններու անդամներ Վահէ Յակոբեան, Գեղամ Մանուկեան, Տիգրան Աբրահամեան։
 
Երթի դիմացէն խումբ մը երիտասարդներ կը տանէին Արցախի դրօշը։ Երթը կ’ուղեկցուէր Արցախի մասին երգերով։ Շենքերէն, խանութներէկ քաղաքացիները կը հետեւէին երթին, կը ծածանէին Արցախի դրօշը։ Երթի ընթացքին միասնութեան, պայքարի կոչեր կը հնչէին։ Պարբերաբար կը հնչէր նաեւ «Նիկոլ, հեռացիր», «Նիկոլ դաւաճան»։
 
Արդէն Վերածնունդի հրապարակին վրայ, ուր նաեւ նախագահական շէնքն է, ոստիկանական պատն էր, ինչպէս նաեւ նախագահականի անվտանգութեան աշխատակիցները։ Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան իր նստավայրի բակէն կը հետեւէր հանրահաւաքին։
 
Արցախցիները հանրահաւաքին եկած էին «Ոչ Արցախի հայաթափումին», «Ոչ ատրպէյճանական բռնագրաւումին» պաստառներով։Խումբ մը քաղաքացիներ աջակցութիւն կը յայտնէին Պաշտպանութեան Բանակի նախկին հրամանատար Միքայէլ Արզումանեանին, որ կը մեղադրուի Շուշիի անկումին համար եւ երկու օր առաջ կալանաւորուեցաւ, եւ պահանջէին զայն ազատ արձակել։ «Մենք կը պահանջենք անյապաղօրէն ազատ ձգել մեր հերոսը» գրութեամբ եւ Միքայէլ Արզումանեանի պաստառով քաղաքացիները կանգնած էին հանրահաւաքի սկիզբի շարքերը։