Ահաւասիկ վերադարձանք մեր տուները, Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմնի կազմակերպած՝ Խանասորի Արշաւանքին 125-ամեակին նուիրուած «Խանասոր» բանակումէն, մեր հետ բերած անմոռանալի քաղցր յիշատակներ եւ շատ լաւ տպաւորութիւններ։ Բանակումին եօթը օրերը անցան շատ արագ, ակնթարթի մը նման։ Այդ օրերուն ընթացքին մենք ապրեցանք ուրախ ժամեր, ծանօթացանք եւ անկեղծ ընկերութիւններ հաստատեցինք Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան տարբեր շրջաններու մեր ընկեր-ընկերուհիներուն հետ։ Օգտաշատ գիտելիքներ ստացանք զանազան դասախօսութիւններու ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ ամէն իրիկուն, ունկնդրեցինք մեր պատմութենէն զանազան դրուագներ, անոնց ընդմէջէն կեանքի կարեւոր դասեր քաղելով։ Վայելեցինք վարպետ խոհարարուհիին համադամ ճաշերը, մասնակցեցանք ընկերային զրոյցներու եւ խաղցանք տարբեր խաղեր։
Իւրայատուկ երեւոյթ էր այս տարի միանալ Գամշլիի «Զաւարեան» մասնաճիւղի մեր ընկերներուն, որոնք երկրին տիրող պայմաններուն բերումով, տարիներէ իվեր զրկուած էին բանակումէն։ Անմոռանալի էր գիշերային խրախճանքներու ընթացքին ստեղծուած խանդավառութիւնը։ Յեղափոխական եւ հայրենասիրական երգերով թնդացուցինք Քեսապի լեռները, դեռ աւելին. մեծ հաճոյքով մասնակցեցանք Գամշլիի ընկերներուն «խամխամա» պարին, որուն եղանակը հազիւ լսած՝ բոլորս մէկ կը շտապէինք դաշտ, ձեռք-ձեռքի միասնաբար պարելու այս հաճելի շուրջպարը։
 
Օրերը շատ արագ կը վազէին, հասած էր արդէն խարուկահանդէսին օրը։ Մեզի միացան «Նիկոլ Դուման» բանակումի մասնակից մեր կրտսեր ընկեր-ընկերուհիները, միասնաբար ներկայացնելու համար այս տարուան խարուկահանդէսը, որ կ’ընդգրկէր ասմունք, զանազան պարեր, երգեր, լօզունքներ, զաւեշտ, բուրք եւ դմպլիկ։ Խարուկահանդէսի աւարտին հասած էր արդէն հրաժեշտի ժամը։ Արցունքոտ աչքերով ցտեսութիւն մաղթեցինք իրարու: Խանասորի արշաւանքին մասնակցող քաջերու անպարտ հոգիներէն ներշնչուած՝ խոստացանք կառչած մնալ հայրենիքի պաշտպանութեան վեհ գաղափարին ու յաջորդ բանակումին հանդիպելու հեռանկարով հրաժեշտ տուինք իրարու։
Շուշի Մանճեան
Լաթաքիա