Կիրակի, 4 Սեպտեմբեր 2022-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լաթաքիոյ կուսակցապետ երկրչ. Հայսամ Իսմայիլին։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Առաջնորդի Տեղապահ Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան, Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ տիար Ժիրայր Րէիսեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան, ազգայիններ եւ Լաթաքիոյ ու Քեսապի Թաղականութեան անդամներ։

Պատուիրակութեան անդամները ջերմապէս դիմաւորուեցան կուսակցապետին կողմէ:
Հանդիպումին արծարծուեցաւ իսլամ-քրիստոնեայ բարեկամական սերտ յարաբերութիւնն ու խաղաղ գոյակցութիւնը։

Կուսակցապետը անդրադառնալով տարածաշրջանէն ներս տիրող իրավիճակին, մատնանշեց Սուրիոյ Բանակին տարած իրերայաջորդ յաղթանակները, որոնք շարունակուելով Սուրիան պիտի վերագտնէ իր տարածքային ամբողջականութիւնը, շնորհիւ երկրի Վսեմաշուք Նախագահ Տոքթ. Պաշշար Ալ-Ասատի իմաստուն ղեկավարութեան։

Պատուիրակութեան անդամները հաստատեցին, թէ սուրիահայութիւնը հաւատարիմ կը մնայ սուրիական հայրենիքին եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ անոր հողային ամբողջականութեան նկատմամբ։