5 Սեպտեմբերի երեկոյեան հայ – ատրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած մարտական դիրքի վրայ մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է պարտադիր ժամկէտային զինուորական ծառայող, կրտսեր սերժանտ Արման Գագիկի Սարգսեան։ Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, նախնական տուեալներով` 20-ամեայ զինուորական ծառայողը զոհուած է հակառակորդի արձակած կրակոցէն։