Սուրիա եւ Հայաստան կը դիմագրաւեն նմանատիպ մարտահրաւէրներ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ տարածաշրջանի ուժերուն հետ գործակցելու մարտավարութեան առումով:
Երկու երկիրներու պարագային ալ արեւմտեան եւ ռուսական առանցքներու ազդեցութիւններուն բախումն է որ կը բարդացնէ հարցերուն լուծումը:
Եթէ Սուրիոյ ներքին խաղաղութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը խանգարելու փորձեր կը կատարուին յատկապէս Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ արեւմուտքին դրդումով, Հայաստանի պարագային 44-օրեայ պատերազմը ի յայտ բերաւ որ Ատրպէյճան կարելիութիւն պիտի չունենար վերագրաւել արցախեան տարածքներ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ զինուորական ուղղակի միջամտութեան բացակայութեան պարագային:
Որքան ալ փորձեր կատարուին Արցախեան պատերազմի հայկական ներքին թերութիւնները մատնանշելու, անհամերաշխութեան կամ փտածութեան ակնարկելու, յստակ է որ այս պատերազմին արդիւնքին վրայ բացարձակ ազդեցութիւն ունեցան Թուրքիան եւ Իսրայէլը, բնականաբար իւրաքանչիւրը իր հեռահար նպատակներուն իրականացման ճամբուն վրայ քայլ մը առնելու մղումով:
Հայկական կողմին պատրաստուածութիւնը, կամ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն պաշտպանութեան քաղաքականութիւնը այլ հարցեր են, որոնք անկողմնակալ քննութեան ենթարկուելէ ետք միայն յստակ կրնան դարձնել պատահած ողբերգութեան ներհայկական պատճառները:
Երկու երկիրներու պարագային ալ միջամուխ պետութիւններու հիմնական գործօնները տնտեսական եւ քաղաքական են:
Եթէ թուրք-իսրայէլեան զօրակցութիւնը Ատրպէյճանին կը միտի տնտեսական տարանցիկ ճանապարհներ ստեղծել Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, ապա նաեւ թրքախօս երկիրները իրար կապող, մանաւանդ Իրանը շրջանցող, Սուրիոյ պարագային եւս Իրանի ազդեցութեան նուազեցման գործօնը առկայ կը մնայ յատկապէս Իսրայէլի համար՝ արաբական ազգային ճակատին պահանջատիրական թափը տկարացնելու: Միւս կողմէ, Թուրքիոյ համար Սուրիոյ մէջ տարածաշրջանի մրցակից Իրանի դերակատարութեան նուազեցման զուգահեռ կը գործէ քրտական գործօնը:
Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սուրիոյ պարագային հիմնական մարտահրաւէր կը համարուի աշխարհաքաղաքական նոր զարգացումներու, նոր ճամբաներու, ապահովական գօտիներու հաստատման ընթացքին որոնել միջոցներ ազգային շահերու, տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան, բայց մանաւանդ ճշդել յարաբերութիւններու մէջ վստահելիութեան գործօնը:
Արդեօ՞ք Կովկասի խաղաղութեան համար հաղորդակցութիւնները բաց պիտի ըլլան քաղաքական, ցեղային դատողութիւններու կամ կեղծիքներու վրայ հիմնուած պատմական պատրանքներու իրականացման հաշուոյն։ Զանգեզուրի «միջանցք» անուան տակ փանթուրքիստական ծրագի՞րն է որ առաջ պիտի մղուի: Արդեօ՞ք այս միջանցքին նպատակը Հայաստանի պաշարումն է, Ատրպէյճանի վերածումը Թուրքիոյ հովանիին տակ գտնուող երկրի եւ Իրանի մեկուսացումը:
Հայաստան-Իրան տնտեսական գործակցութիւնը շրջանային եւ միջազգային նախագիծերու մէջ տնտեսական համագործակցութեան լայն կարելիութիւններ ունի։ Այդ կարելիութիւններու օգտագործումը կը նպաստէ նաեւ թուրք-ատրպէյճանական ծուղակներէ պաշտպանուելու:
Սուրիոյ պարագային եւս, թրքական եւ իսրայէլեան սպառնալիքներուն դէմ դնելու կը նպաստէ Իրան-Ռուսիա-Սուրիա առանցքը:
Երկու երկիրներու ազգային շահերը կը թելադրեն հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարել՝ զերծ մնալու տնտեսական ճնշիչ օղակներու մէջ յայտնուելու վտանգէն: