Կ’ըսուի յաճախ, որ քաղաքականութիւնը կարելիին արուեստն է, սակայն ոչ՝ անկարելիին:
Խաղաղութեան օրակարգին մասին աւելի քան երկու տարիէ կը խօսուի Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, սակայն Ատրպէյճան հակառակ ուղղութեամբ կը գործէ՝ ոչ միայն Արցախի, այլ Հայաստանի տարածք ներխուժելու իր նկրտումներով:
«Տարածքային ամբողջականութիւն» եզրոյթը շահագործելով Ատրպէյճան խլեց Արցախը, հիմա նոյն այդ օրէնքը ի՛նք խախտելով կը յարձակի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու վրայ, անգամ մըն ալ պարզելով, որ խաղաղութիւնը բնաւ տեղ չունի ու չէ ունեցած Ատրպէյճանի ու անոր զօրավիգ կանգնող Թուրքիոյ օրակարգերուն վրայ:
Խաղաղութիւնը լոզունք եղած է անոնց համար պարզապէս՝ Հայաստանի պաշտպանողականութիւնն ու անվտանգութիւնը թուլցնելու, փոխարէնը զինուորական յարձակման նախապատրաստուելու:
Ճամբաներու ապաշրջափակման օրակարգը, հակառակ Հայաստանի իշխանութիւններուն հաւանութեան արժանանալուն, չբաւարարեց Ատրպէյճանն ու Թուրքիան: Ատրպէյճան փաստեց, որ ոչ թէ կը ձգտի ճամբաներու ապաշրջափակումը ապահովել՝ գործակցելով դրացի երկիրներու հետ, այլ այդ ճամբաները իր եւ Թուրքիոյ բացարձակ վերահսկողութեան ենթարկել, որպէսզի կարենայ իր օրէնքները պարտադրել:
Տապալած է 9 Նոյեմբերի համաձայնութիւնը, որովհետեւ Ատրպէյճան խախտած է զինադադարն ու միջազգային օրէնքը:
Արեւմուտքն ու Միացեալ Նահանգները լուռ կը մնան Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններուն դիմաց՝ հաւանաբար Ռուսիոյ համար ատրպէյճանաթրքական յարձակումին դէմ նոր ճակատ մը բանալու եւ անոր ուժերը տարտղնելով Ուքրանիոյ պատերազմին արդիւնքը շրջելու, միեւնոյն ատեն Իրանի սահմանին ատրպէյճանաիսրայէլեան ներկայութիւնը ամրագրելու, թէկուզ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան հաշուոյն:
Կը թուի, թէ Արեւմուտքն ու Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակեն գերին մնալ բռնապետ Ատրպէյճանի կազին ու ապօրինի գործողութիւններուն յանուն իրենց շահերուն, իսկ Ռուսիան անհամարձակ միջամտութիւններով դիտորդի դերին մէջ պիտի մնայ, առանց խանգարել ջանալու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ իր տնտեսական շահերն ու Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ հետ իր սակարկութիւնները: Յատկապէս եթէ նկատի ունենանք ռուսական միջամտութեամբ Սուրիոյ թղթածրարին առնչուող թրքական խոստումները:
Հայաստանի ապահովութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը միակ պաշտպանողը պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդը՝ իր բազուկով, իր վճռակամութեամբ վերջ տալով խաղաղութեան կեղծ օրակարգով շարունակուող նահանջի դրսեւորումներուն: