Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահի բարեզարդումը ամբողջացաւ խնամակալութեան ծրագրաւորման եւ տնօրէնութեան հետեւողական, բծախնդիր աշխատանքին եւ օրական հետապնդումին որպէս արդիւնք։
Ուստի մօտ ատենէն սրահը պիտի վերաբանայ իր դռները մշակութասէր մեր հանրութեան դիմաց, ամէն յարմարութիւն հրամցնելու գաղութի աշխուժացումը երաշխաւորող մշակութային եւ այլաբնոյթ ձեռնարկներու կազմակերպիչներուն։