ԲԱ՛Ց ԻՄ ՇՐԹՆԵՐՍ, ՈՎ ՏԷՐ  (Սղ 51.15)
Դաւիթ մարգարէն իր ապաշխարութեան ընթացքին հետեւեալը սաղմոսեց՝ ըսելով. «Բա՛ց իմ շրթներս, ով Տէր, թող բերանս քեզի օրհնութի՛ւն երգէ» (Սղ 51.15)։ Ասիկա ապաշխարած մարդուն կեանքին մէջ հոգեւոր պտուղ մըն է։ Այդպիսին պէտք է փնտռէ եւ գտնէ, թէ ի՛նչ է յարաբերութիւնը սիրոյ, աղաչանքին ու գոհաբանութեան։ Որովհետեւ, այն մարդը որ չի գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է գոհաբանէ զԱստուած, ի՞նչ պիտի ընէ երբ երկինք մտնէ։ Քանի որ երկինքին մէջ ուրիշ բան չկայ բացի ոգեղէն հրեշտակներէն, որոնք անդադար կ’օրհնաբանեն ու կը փառաւորեն զԱստուած։
Այդպիսի մարդուն մտածողութիւնը տեւաբար դէպի հոգեւոր երկնային երեւոյթներուն կողմը ուղղուած կ’ըլլայ։ Որեւէ հոգեւոր գեղեցիկ խօսքով կ’ուրախանայ՝ որպէս թէ իւղոտ ու համեղ ճաշով մը կշտացած ըլլայ, ինչպէս սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Ամբողջ կեանքիս ընթացքին պիտի օրհնաբանեմ քեզ, եւ ձեռքերս աղօթքով դէպի քեզ բարձրացնեմ։ Հոգիս խնճոյքի մէջ պիտի ըլլայ ու կշտանայ, եւ շրթներս ցնծութեան երգերով պիտի օրհներգեն քեզ» (Սղ 63.4-5)։
Այդ պատճառով ալ ապաշխարող մարդը, որ Աստուծոյ հետ առողջ հոգեւոր կեանք մը կ’ապրի, կը բացայայտէ, որ իր կեանքին ամէնէն ուրախ ժամերը աղօթքի ժամերն են, որուն համար ալ Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերան Հայրապետը կ’ըսէ. «Եթէ տեսնէք մարդը մը, որ աղօթել չի սիրեր, գիտցէք որ անոր մէջ որեւէ լաւ բան չի բնակիր։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ աղօթել սիրողը, այն անձն է, որ Աստուծոյ ներկայութեամբ կ’ուրախանայ, եւ ով որ Աստուծոյ ներկայութեամբ կ’ուրախանայ, բնականաբար այն արդար գործերը, զորս կը կատարէ՝ բոլորն ալ իր մէջ բնակութիւն հաստատած կ’ըլլան ու Աստուծմէ կը յառաջանան. այն Աստուծմէ, որուն առջեւ ինք կանգնած է, Անոր՝ որ զինք կատարելապէս կը ճանչնայ»։
ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՆՑԱՂԱԿԵՐՊ Է
Ապաշխարութեան մասին խօսիլը շատ երկար ժամանակ կը պահանջէ, եւ մենք շատ կարճ ակնարկ մը նետեցինք Դաւիթ մարգարէին կեանքին ու անոր ապաշխարութեան վրայ։ Ճշմարիտ Ուղղափառ հաւատացեալ մարդը այն մարդն է, որ իր կեանքի բոլոր օրերուն ապաշխարութիւնը կ’ապրի ու կը կիրառէ։ Որովհետեւ  անոր համար ապաշխարութիւնը կենցաղակերպ է։
Այդ պատճառով կը պատմուի, թէ սուրբ հայրերէն մէկը (Շիշոյ), իր մահուան անկողնին մէջ սաստիկ կու լայ իր մեղքերուն վրայ, թէեւ անապատին մէջ ապրող ճգնաւորը մեծ սուրբերէն մէկն էր, եւ վանականները երկինքէն ձայն մը կը լսեն, որ հրեշտակներուն կը հրահանգէ՝ ինծի բերէք անապատի ապաշխարողը, այսինքն՝ ինծի բերէք այդ մարդը, որ իր մեղքերուն վրայ կու լայ մինչեւ իսկ աշխարհէն իր մեկնելու պահուն։
Վանականները զարմացած կ’ըսեն անոր. «Միթէ դո՞ւն ալ կը վախնաս ո՛վ հայր, դուն՝ որ մեր բարձրագոյն օրինակն ես այս անապատին մէջ»։ Եւ անապատական հայրը անոնց կը պատասխանէ՝ ըսելով. «Այս պահուան (մեռնելու ժամը) վախով ապրեցայ իմ ամբողջ կեանքս»։
Ասիկա չի նշանակեր, որ վերոնշեալ հայրը յուսահատեցաւ. ան իր մեղքերուն համար կու լար եւ այնքան լացաւ, որ մինչեւ իսկ երկիրը իր արցունքներուն շնորհիւ սերմ բուսցուց կամ նոյնիսկ արցունքներով իր մենաստանը թրջեց։ Այս բոլորով հանդերձ, սակայն, անիկա կը զգար որ տակաւին կարիքը ունի լալու մեղքին վրայ։ Աւելի պարզ արտայայտութեամբ՝ անիկա իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան չյագեցաւ ապաշխարութենէն. ասիկա է ապաշխարութեան քաղցրութիւնը։
ԴԱՒԻԹ՝ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻԻՆ ՔՆԱՐԸ
Այսպէս էր Դաւիթ մարգարէն. Այսպէս կը կոչէ զինք Ասորի քոյր եկեղեցին իր շարականներուն մէջ, որ բոլորին համար հոգեւոր դպրոց մըն է իր սաղմոսներով, հոգեւոր երգերով ու յորդառատ զգացումներով։ Ան մարգարէ եւ ոչխարներու հովիւ ըլլալու կողքին, բանաստեղծ ու երաժիշտ էր, ինչպէս նաեւ՝ թագաւոր եւ բանակի ընդհանուր հրամանատար, սակայն միաժամանակ ան զգացումներով եւ յուզումներով լեցուն մարդ էր։
Դաւիթ մարգարէն Սուրբ Հոգիին քնարը կը նկատուի ու հակառակ իր կեանքին մէջ սխալներ ունենալուն, Աստուած անոր միջոցաւ կրցաւ գեղեցիկ ու հաճելի երաժշտութիւն նուագել եւ զինք բազմաթիւ մարդոց օգտին ծառայացնել։ Կրնայ ըլլալ, որ երբեմն քնարին վրայ կամ ընդհանրապէս լարաւոր գործիքներու վրայ գտնուի լար մը, որ եթէ առանձին նուագես՝ անոր ձայնը անհաճոյ կրնայ թուիլ, բայց երբ միւս լարերուն հետ ներդաշնակ նուագուի, նուագողին ձեռքերուն հպումին ներքոյ գեղեցիկ հնչիւններ կ’արտաբերէ։ Այսպէս է նաեւ Դաւիթ մարգարէին կեանքը, որուն մէջ գեղեցիկ ձայն ունեցող լարեր կային եւ կային նաեւ տհաճ ձայն ունեցող լարեր, սակայն Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ անոր կեանքը իր արդարութեամբ ու մեղքերով հանդերձ, դարձաւ գեղեցիկ, հաճելի ու հիանալի երաժշտութիւն, որմէ ամէն մարդ կրնար օգտուիլ։
Կ’աւարտենք եկեղեցւոյ հայրապետներէն մէկուն Դաւիթի մասին արտայայտած մտածումով. «Այս կոտրուած քնարին լարերը անգամ մը եւս քաշուեցան եւ ան ուրախութեան ու երախտիքի երգեր բարձրացուց. սոյն տխրածը երգեց ու ցնծութեամբ օրհներգեց՝ ըսելով. «Կը փառաբանեմ քեզ, Տէ՛ր, որովհետեւ զիս ազատեցիր, եւ թոյլ չտուիր որ թշնամիներս խնդան վրաս» (Սղ 30.1)։ Ճշմարտապէս մեր Տէրն ու փրկիչը Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի» (Յհ 16.20)։
Թող Դաւիթ մարգարէին, թագաւորին եւ Աստուծոյ ընտրեալ ծառային բարեխօսութեամբ մեր բոլորին սիրտերը լեցուին աղօթական հոգիով, որպէսզի Ս. Հոգին ներգործութեամբ անդադար եւ միշտ մեր շրթունքները զԱստուած՝
Ամենասուրբ Երրորդութիւնը Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին փառաւորեն ու օրհնաբանեն։ Ամէն։
(շար.14 եւ վերջ)
Թարգմանեց՝
Լեւոն Վրդ. Եղիայեան