Երեքշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2022-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, ուր հերքեց կարգ մը լրատուամիջոցներու յայտարարութիւնները այն մասին, թէ Դամասկոսի մէջ ժանտախտով (քոլէրա) վարակուած անձերու մահուան պարագաներ արձանագրուած են։
Նախարարութիւնը աւելցուց. «Սուրիոյ մէջ ժանտախտով (քոլէրայով) վարակուած պարագաներուն թիւը կը պարզէ հետեւեալ պատկերը.- Հալէպի մէջ՝ 20 պարագայ, Լաթաքիոյ մէջ՝ 4, իսկ Դամասկոսի մէջ՝ 2»։ Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Հալէպի մէջ քոլէրայի պատճառով 2 մահուան պարագաներ արձանագրուած են։ Նախարարութեան համաձայն, մահացած պարագաները ժանտախտով վարակուած ըլլալնուն կողքին, այլ մնայուն հիւանդութիւններ ալ ունէին։
Նախարարութիւնը հաստատեց, որ իր պաշտօնական էջին միջոցով երկօրեայ յաջորդականութեամբ տեղեկութիւններ պիտի հրապարակէ ժանտախտի վերջին զարգացումներուն շուրջ, որպէսզի քաղաքացիները ստոյգ տեղեկութիւններ ստանան։
Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց ժողովուրդին նախազգուշական բոլոր միջոցները որդեգրելու, ինչպէս օրինակ՝ ձեռքերը յաճախակիօրէն լուալու, ջուրը ապահով աղբիւրներէ խմելու, պտղեղէնն ու բանջարեղէնը լաւապէս հականեխելու եւ խուսափելու շուկայի բաց ուտելիքներէն։