-«ՍԱՈՒՐԱ»- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի թելադրանքով, Երկուշաբթի, 19 Սեպտեմբերի առաւօտեան, ելեկտրական սարքաւորումներու փոխադրակառք մը Հալէպ մուտք գործեց՝ Հալէպ նահանգին ելեկտրական իրավիճակը բարելաւելու համար։ Սուրիոյ ելեկտրականութեան հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Հայսամ Մայլաա լրագրողներուն յայտնեց, որ Նախարարութիւնը լուրջ աշխատանք կը տանի նախքան 2022-ի աւարտը, Հալէպի մէջ 150 ելեկտրական փոխակերպիչ գործիքներ տեղադրելու, որպէսզի Հալէպ նահանգին ելեկտրականութեան իրավիճակը ամենամօտ ժամանակամիջոցին բարելաւուի:
-«ՍԱՆԱ»- Սուրիական պատուիրակութեան մասնակցութեամբ, Չորեքշաբթի 21 Սեպտեմբերին սկիզբ առաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Միութեան 77-րդ շրջանի եօթնօրեայ խորհրդաժողովը։
Սուրիական պատուիրակութիւնը նախագահեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ։
-«ՍԱՆԱ»- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատի նախագահութեամբ, Չորեքշաբթի, 21 Սեպտեմբերին սուրիական պատուիրակութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր միութեան եօթնօրեայ խորհրդաժողովին։ Խորհրդաժողովի բացման նիստին Մըքտատ շեշտեց, որ արեւմուտքը պէտք է դադրի մարդասիրական եւ բարգաւաճման նիւթերու վերաբերող հարցերը քաղաքականացնելէ, եւ անոր փոխարէն ջանայ Չինաստանի եւ այլ խաղաղութեան պաշտպան երկիրներուն նման գործակցութիւն եւ երկխօսութիւն յառաջացնել։
-«Ուաթան Անլայն»- Ապու Տապիի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ, դեսպան Ղասսան Ապպաս, Չորեքշաբթի, 21 Սեպտեմբերին  խորհրդակցութիւն ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մշակութային խորհրդատու, Իմարաթի Համալսարանի նախագահ Զաքի Անուար Նասիպայի հետ։
Կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն միջեւ մշակութային եւ գիտական յարաբերութիւններու զարգացման միջոցներուն շուրջ։
-«Ուաթան Անլայն»- Ռուսիոյ փոխարտաքին գործոց նախարար Միխայիլ Պոկտանով, Երկուշաբթի, 19 Սեպտեմբերին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ ըսելով. «Ռուսիա կ’ողջունէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի յայտարարութիւնը՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի հետ հանդիպում մը ունենալու պատրաստակամութեան գծով»։ Այս առնչութեամբ, Ռուսիա պատրաստակամութիւն յայտնեց սոյն հանդիպումի յաջողութեան նպաստելու։