Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան «Վ. Աճէմեան» թատերախումբը տարիներու պատմութիւն  ունի: Այդ ընթացքին յաջողած է արժանանալ հանդիսատեսի համակրանքին:
Թատերախումբը այս տարի ներկայացուց Յակոբ Պարոնեանի «Շողոքորթը», նուիրուած՝ թատերախումբի վերականգնումի 5-ամեակին:
Երկու արարներ ունեցող  թատերախաղը ներկայացուեցաւ  տոքթ. Սմբատ Երէցեանի բեմադրութեամբ: Ներկայացումները տեղի ունեցան Շաբաթ  17 եւ Կիրակի 18  Սեպտեմբեր  2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Զ. Գաբրիէլեան» սրահէն ներս, հովանաւորութեամբ ԿՄՄ-ի Խնամակալութեան, կազմակերպութեամբ Գործադիր Մարմնին:
Հանդիսավար Անի Աթաշեան ողջունելով ներկաները անդրադարձաւ  «Վ. Աճէմեան» թատերախումբի պատմութեան եւ կարեւոր դերին՝  մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման առաքելութեան մէջ, ապա ներկայացուց խումբին ցարդ ներկայացուցած թատրերգութիւնները:
Թերեւս շատեր հարց տան, թէ ինչո՛ւ դարձեալ Պարոնեան. պատասխանը շատ պարզ եւ յստակ է, որովհետեւ Պարոնեան եղած է մեր ազգային բոլոր ժամանակներու երգիծանքին իշխանապետը, որ աշխարհ եկած է անուղղելի սխալներ սրբագրելու: Ան մեր դէմ բռնած է մեր կեանքի հայելին, որպէսզի մենք ալ մեր կարգին միշտ զմեզ տեսնենք, մենք զմեզ դիտենք եւ դատենք անշուշտ, եթէ դատելու փափաքը, կարողութիւնն ու քաջութիւնը ունինք:
Իսկ հիմա «Շողոքորթը» միջնորդ մըն է, որ ամէն կողմէ նիւթական շահ ապահովելու համար կը դիմէ կեղծաւորութեան, իսկ վերջաւորութեան, երբ իր իսկութիւնը կը բացայայտուի, ծածկելու համար իր յանցանքը «Թիւրիմացութիւնը» իբրեւ զէնք բռնած ինքզինքը կ’արդարացնէ:
Շուրջ մէկ ու կէս ժամ տեւող այս ներկայացումը առիթ տուաւ հանդիսատեսին անգամ մը եւս հաստատելու, որ թատրոնը ոչ թէ միայն դպրոց է, այլ նաեւ՝ մեր կեանքի հայելին:
Թատերական խաղին մէջ ակնյայտ էին նաեւ բեմադրիչ տոքթ. Սմբատ Երէցեանի տարիներու փորձառութենէն ձեռք ձգուած ցուցմունքները, արուեստավարժ մակարդակով դերակատարներ պատրաստելու աշխատանքը, որուն արգասիքն էր ներկայացումը:
Իսկապէս շնորհաւորելի եւ ծափահարելի էին թատերախումբի երիտասարդները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը բեմին վրայ, ամբողջ թատերախաղի տեւողութեան, կրցաւ արտայայտել իր ներկայացուցած դերը՝ համարձակ եւ ներդաշնակ խաղարկութեամբ, գեղեցիկ փայլք մը տալով անոր:
Յիշենք նաեւ, որ «Վ. Աճէմեան» Թատերական Յնձնխ.-ի ընդհանուր պատասխանատու՝ Յակոբ Աթաշեան, հայկական արուեստին եւ մշակոյթին նուիրուած անձնաւորութիւն մըն է, որ միշտ իր կարեւոր ներդրումը բերած է միութեան՝ շարունակելով իր անջնջելի դրոշմը դնել թատերական կեանքին վրայ:
Աւարտին բեմ բարձրացաւ Գործադիր Մարմինի ատենադպրուհի Լուսի Տիշոյեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց  խնամակալութեան եւ գործադիր մարմինին, որոնք թեւ եւ թիկունք կանգնեցան այս աշխատանքին: Ապա գնահատեց Թատերական Յնձնխ.-ի անդամները եւ քուլիսներու մէջ գործող  կամաւորները:
Գործադիր Մարմինի ատենապետ Գեղամ Աթաշեանը այնուհետեւ պարգեւատրուեցաւ գնահատագիրով, առ ի յարգանք իր հինգ տարիներու աշխատանքին:
Արդ, պարգեւատրուեցան բեմադրիչ Սմբատ Երէցեան, «Վ. Աճէմեան» թատերախումբի ընդհանուր պատասխանատու Յակոբ Աթաշեան, դերակատարներ Գրիգոր Հալլաճեան, Աբիկ Նարկիզեան, Լուսի Մովսէսեան եւ Մարիա Մովսէսեան, ներկաներուն  բուռն ծափահարութեան  արժանանալով:
Բարի երթ «Վ.Աճէմեան»  թատերախումբի գործունէութեան՝ դէպի լուսաւոր ամեակներ:
Վարձքը կատա՛ր հայ դերասանին, քանզի մշակը արժանի է իր վարձքին:

Լուսի Տիշոյեան