Կարեւոր համարելով մամուլի եւ տեղեկատուութեան դերը ներկայ աշխարհին մէջ, միեւնոյն ատեն համացանցի խառնիճաղանճէն հեռու, արժեհամակարգ եւ աշխարհահայեացք ունեցող լրագրող-հրապարակագիրներու դերը քննարկելու համար, «Գանձասար», – իր 30-ամեակին առիթով,- 1-3 Հոկտեմբերին, Քեսապի մէջ կազմակերպեց երիտասարդ լրագրողներու սեմինար մը, «Տեղեկատուան Գրագիտութիւն» խորագիրով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրիոյ տարբեր շրջաններու «Գանձասար»-ի թղթակիցներն ու երիտասարդ լրագրողները:
Բացման խօսքով խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան իր ուրախութիւնը յայտնեց Սուրիոյ տարբեր շրջաններէ երիտասարդ լրագրողներու ի մի գալուն համար եւ կարեւոր նիւթերու շուրջ խորհրդակցելու կարեւորութիւնը մատնանշեց։
Առաջին օրուան օրակարգը կ’ընդգրկէր երեք դասախօսութիւն.
«Մտածողութենէն Հրապարակագրութիւն, Լրագրութիւն». դասախօս՝ դոկտ. Շողիկ Աշըգեան: Աշըգեան Խօսեցաւ հրապարակագրութեան հիմքերուն, նիւթը հանրութեան դիւրամատչելի եւ յստակ կերպով հասցնելու, դիտանկիւն ներկայացնելու եւ հանրային կարծիք ձեւաւորելու մասին:
«Հարցազրոյց Վարելու Հմտութիւններ». դասախօսն էր՝ մեթր Մարիա Գաբրիէլեան: Հարցազրոյցը համարելով մամլոյ կարեւորագոյն ճիւղերէն մէկը, Գաբրիէլեան ներկայացուց ճիշդ եւ որակեալ հարցազրոյց վարելու հիմքերը, մատնանշելով պարտաճանաչ լրագրողին յատկանիշները, հարցազրոյց վարելու եւ խմբագրելու պայմաններն ու ձեւերը:
Սեմինարը կը շարունակէ իր օրակարգերը՝ այսօր, վաղը եւ Երկուշաբթի։