-«Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ լիբանանեան պատուիրակութիւն մը, Թրիփոլիի եւ Լիբանանի հիւսիսային շրջաններու ընտանիքներու ներկայացուցիչ Ատնան Օմարիի նախագահութեամբ, Չորեքշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2022-ին Թարթուսի նահանգապետարան այցելեց։ Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Թարթուսի նահանգապետ Ապտուլ Հալիմ Աուատ Խալիլի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց սուրիական կառավարութեան, որ ճիգ չխնայեց լիբանանեան ընկղմած նաւուն զոհերը փրկելու եւ նոյնիսկ խեղդամահ պարագաներուն դիակները որոնելու, գործակցաբար Թարթուսի առողջապահական խմբակներուն, բնակիչներուն եւ նահանգապետարանին։
Յիշենք որ 23 Սեպտեմբերին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ նախանցեալ Երեքշաբթի, լիբանանեան հիւսիսային Թրիփոլի քաղաքին յարակից Մընիէ շրջանէն ընթացք առաւ լիբանանեան եւ այլ հպատակատութիւն ունեցող գաղթականներ ընդգրկող ապօրինի նաւ մը՝ ուղղուելով Կիպրոս։
Նախքան Կիպրոս հասնիլը, Նաւը ընկղմեցաւ սուրիական Թարթուսի ծովային սահմաններուն մէջ։ 77 ուղեւորներ խեղդամահ եղան։
 – Տուպայի մէջ ընթացք առաւ «Կանաչ Տնտեսութիւն» խորագիրով համաշխարհային գագաթնաժողովի 8-րդ շրջանը՝ Սուրիոյ մասնակցութեամբ։
Սուրիան ներկայացուց Սուրիոյ տեղական ինքնակառավարման եւ կենսոլորտի պահպանման նախարար Հուսէյն Մախլուֆ, ներկայութեամբ կառավարական հաստատութիւններու եւ համաշխարհային ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու եւ մասնագէտներու ։
-Սուրիոյ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան հաստատման 50-ամեակին եւ զբօսաշրջութեան միջազգային տօնին առիթով, Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբերին, Հալէպի պատմական բերդին մէջ բացումը կատարուեցաւ մշակութային ձեռնարկներու շաբթուան։
Արդարեւ, Սուրիական պետական սիմֆոնիք նուագախումբը դասական երաժշտութեան ընտիր փունջ մը ներկայացուց, խմբավարութեամբ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար մայսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանի։
Ելոյթը կազմակերպուած էր Սուրիոյ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան կողմէ, գործակցաբար Մշակոյթի Նախարարութեան եւ Հալէպի Նահանգապետարանին։
Համերգի երկրորդ բաժինին նուագախումբին միացան Համազգայինի «Զուարթնոց» ու ՀԵԸ-ի «Սպենդիարեան» հայկական երգչախումբերը։
Նախքան համերգը ցուցադրուեցաւ Սուրիոյ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան կազմութեան պատմութիւնը ներկայացնող տեսանիւթ մը։
Համերգին տուտուկով հանդէս եկաւ մենակատար Մուհամմէտ Ազաուին, որ ներկայացուց Խաչատուր Աւետիսեանի «Ծաղկած Բալենի»-ն, մասնակցութեամբ «Անդրանիկ» պարախումբի մենակատարներու։
Պաղպուտարեան յաջողեցաւ ներկաներուն հրամցնել դասական միջազգային, հայկական եւ սուրիական, յատկապէս հալէպեան երաժշտական ստեղծագործութիւններու գեղեցիկ փունջ մը։