Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան ԱՄՆ կատարած այցելութեան աւարտին հարցազրոյց  տուած է թրքական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն: Այդ ընթացքին ան, ի թիւս այլ նիւթերու, անդրադարձած է նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ  Փաշինեանի հետ կարելի հանդիպումին:
Էրտողան յայտնած է, որ նման հանդիպում հաւանաբար կարելի կը դառնայ իրականացնել Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակի մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովը:
«Այժմ մենք կը քննարկենք Փրակի մէջ տեղի ունենալիք գագաթնաժողովին մեր մասնակցութեան հարցը: Եթէ այնուամենայնիւ որոշենք մասնակցիլ, հաւանաբար Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանն ալ այնտեղ ըլլայ ու թերեւս այնտեղ բոլոր  հարցերը քննարկելու կարելիութիւն ունենանք», ըսած է Էրտողան:
Վերջինս յայտնած է նաեւ, որ իրենք կովկասեան տարածաշրջանին մէջ որոշ քայլեր պիտի առնեն յառաջիկային: