Քեսապի մէջ տեղի ունեցող լրագրողներու վերապատրաստման «Գանձասար»-ի կազմակերպած սեմինարի երրորդ նիստին դասախօսն էր ԱՄՆ-ի Հայ Դատի Վարիչ Մարմնի եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէի անդամ Զանգու Արմէնեան։ Ան ԶՈՒՄ-ի կապով միացաւ սեմինարին եւ ներկայացուց հանրային յարաբերութիւններ (Public Relations) հասկացութիւնը, անոր ազդեցութեան ոլորտներն ու օգտագործած հաղորդակցութեան լծակները։

Արմէնեան օրինակներ բերաւ քաղաքական եւ հասարակական ոլորտներու մէջ օգտագործուող PR-ի աշխատանքներէն եւ սեմինարի մասնակիցներուն հարցումներ ուղղելով զիրենք եւս մասնակից դարձուց քարոզչական որոշ պատկերներու եւ ոճերու մեկնաբանութեան։

Երկրորդ օրուան օրակարգը սկիզբ առաւ խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանի դասախօսութիւն֊զրոյցով` «Տպագիր մամուլը։ Ի՞նչ գրել եւ ինչպէ՞ս գրել» նիւթով։ Անդրադարձ կատարուեցաւ հայ տպագիր մամուլի պատմութեան, անոր դերակատարութեան հայ մտքի զարգացման ու ազգային, քաղաքական հարցերու արծարծման մէջ, այնուհետեւ առցանց մամուլին բերած նորութիւններուն, ապա նաեւ՝ հայ մամուլին աշխատակցելու կարեւորութեան, գրելու համար երեւոյթները տարբեր տեսանկիւններէ դիտելու, ոճի ձեւաւորման եւ լեզուական հարցերու։

Յաջորդ զեկուցաբերը «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանն էր, որ կրկին ԶՈՒՄ-ի կապով ներկայացուց «Մեր Լրագրութիւնն ու հրապարակագրութիւնը այսօրուան քաղաքական հարցերուն դէմ յանդիման» նիւթը, խօսեցաւ Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական առկայ հարցերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դիմագրաւած հարցերուն եւ համաշխարհային ուժերու ազդեցութեան մասին։ Այս բոլորէն ետք, Գանտահարեան պարզեց, թէ հայ հրապարակագիրն ու լրագրողը ինչպէ՛ս պիտի կարդայ այս բոլորը ու վերլուծէ զանոնք։
Ապա Գանտահարեան պատասխանեց մասնակիցներուն ուղղած հարցումներուն։