Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 4 Հոկտեմբեր 2022-ին ելոյթ ունենալով Ակնայի մէջ (Աղտամ) հրաւիրուած քաղաքաշինութեան ազգային ֆորումին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի Ղարաբաղ տարածաշրջանին մէջ բնակող հայ բնակիչները Ատրպէյճանի քաղաքացիներն են, եւ մենք որեւէ միջազգային կեդրոնի հետ պիտի չքննարկենք, թէ ինչպէ՛ս դասաւորենք անոնց կեանքը։ Յաճախ կեդրոնանալով Ղարաբաղի ատրպէյճանական հող ըլլալուն վրայ, Ալիեւ ըսած է, որ ատիկա ապացուցուած է 44-օրեայ պատերազմով։ Անոր համաձայն, նոյնիսկ բռնագրաւուած տարիներուն աշխարհի մէջ ոչ ոք՝ ներառեալ Հայաստանը, չէ ճանչցած այս վարչակարգը։ Ալիեւ իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է նաեւ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին։ «Մենք որոշակի լաւատեսութեամբ կը նայինք խաղաղութեան գործընթացին։ Օրեր առաջ տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը՝ առաջինն էր խաղաղութեան պայմանագիրի բնաբանի պատրաստութեան գծով։ Յոյսով ենք, որ այս գործընթացը երկար չի տեւեր: Մենք գիտենք այն մարտավարութիւնը, որ սովորաբար կ’օգտագործէ Հայաստանը, երբ չի փափաքիր բանակցիլ, ինչպէս օրինակ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ 27 տարուան բանակցութիւններուն։ Եթէ ​​այսպէս շարունակուի, խաղաղութիւն պիտի չհաստատուի։ Իսկ եթէ սա Հայաստանի ընտրութիւնն է, ուրեմն ան լուրջ սխալ կը գործէ», ըսած է Ալիեւ։