2 Հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում։ «Արմէնփրէս»-ին այս մասին յայտնեց ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան (Յետայսու՝ ԱԳՆ) մամուլի քարտուղար Վահան Եունանեան:

«Հակառակ Ատրպէյճանի կողմէն իրականացուող սադրանքներուն՝ հայկական կողմը պիտի մասնակցի հանդիպումին։ Այսպիսով անհիմն են Ատրպէյճանի ԱԳՆ յայտարարութիւնները առ այն, որ Հայաստան կը փորձէ խափանել բանակցութիւնները։ Հայաստանը, ինչպէս նախապէս, այժմ ալ կառուցողական է՝ նպատակ ունենալով հասնելու տեւական խաղաղութեան Հարաւային Կովկասի մէջ, եւ նոյնը կ’ակնկալէ Ատրպէյճանէն», ըսաւ Եունանեան: