Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան այսօր Փրակի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովին պիտի հանդիպի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ անոր հետ պիտի քննարկէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարները։ ԹԱՍՍ-ին Անգարայի դիւանագիտական շրջանակներու աղբիւրը յայտնած է, որ այս հանդիպումը պիտի ըլլայ անոնց առաջին դէմ առ դէմ հանդիպումը։

«Դէմ առ դէմ հանդիպումները միշտ աւելի արդիւնաւէտ են, քան հեռախօսային խօսակցութիւնները: Ասիկա կ’առնչուի Թուրքիոյ նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետի յառաջիկայ բանակցութիւններուն: Փրակի մէջ կրնայ յառաջընթաց գրանցուիլ ոչ միայն Անգարայի եւ Երևանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով, այլեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաշտութեան պայմանագիրի նախապատրաստման համար», ըսած է աղբիւրը։

Sabah թերթը, յղում ընելով իր աղբիւրներէն, աւելի ուշ յայտնած էր, որ Էրտողան մտադիր է Փաշինեանին առաջարկել կարգաւորման հարցերու շուրջ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներուն հանդիպումները յաջորդաբար Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ կատարել, ոչ թէ երրորդ երկիրներու մէջ։ Բացի անկէ, ինչպէս նշուած է յօդուածին մէջ, ան հանդէս պիտի գայ տարածաշրջանի մէջ լարուածութիւնը թուլացնելու, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կարելի եղածին չափ շուտ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու առաջարկներով։