Հեթանոսական ժամանակաշրջանին, հայ ժողովուրդը ունէր փառաբանական եւ հոգեւորանման երգեր, որոնք ձեւով մը այդ շրջանի հայ «շարակններ»ն էին: Դժբախտաբար անոնց մեծ մասը այսօր հասանելի չէ մեզի, սակայն կան պատառիկներ, որոնք կը հաստատեն մեր ըսածը: Անոնցմէ կարելի է յիշել Հայոց Արտաշէս թագաւորին եւ Վահանգն աստուածոյ շուրջ հիւսուած աւանդավէպերը: Ասոր կողքին, աւանդութիւնը կը յայտնէ, թէ հայը իր հեթանոսական տաճարներուն մէջ հոգեւոր երգեր կամ «շարականներ» կ’երգեր, որոնք ինչպէս ըսինք, այսօր անմատչելի են մեզի:
Ըստ աւանդութեան, մեր առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոսին եւ Ս. Բարթողիմէոսին Հայոց աշխարհ գալուստէն եւ Քրիստոսի բարի լուրը տարածելէն ետք, հայը սկսաւ հոգեւոր կամ շարականանման երգեր յօրինել եւ երգել: Այդ շրջանին, հայ հեթանոսական երգերուն ոգին հետզհետէ անհետացաւ եւ անոր փոխարէն իր տիրութիւնը հաստատեց քրիստոնէական ոգին: Բայց եւ այնպէս, հարկ է ըսել, թէ հայեր հեթանոսական երգերը չվերածեցին քրիստոնէական երգերու, այլ յօրինեցին նո՛ր հոգեւոր երգեր, նո՛ր ոգինով՝ քրիստոնէական ոգիով: Սակայն, դժբախտաբար այդ ժամանակամիջոցին յօրինուած քրիստոնէական երգերուն երաժշտութիւնն ու բառերը այսօր մատչելի չեն մեզի, հիմնական երկու պատճառներով. առաջին՝ այդ ժամանակաշրջանին հայերէն տառեր գոյութիւն չունէին, որպէսզի արձանագրուելով կորուստէ փրկուէին. երկրորդ՝ այդ ժամանակամիջոցին քրիստոնեաները հալածանքի կ’ենթարկուէին Հայաստանի մէջ, որուն իբրեւ հետեւանք հայ քրիստոնեաներ չէին կրնար հրապարակաւ այդ երգերը երգել եւ այդպիսով ուրիշներուն սորվեցնել ու հայ կեանքին մէջ տարածել:
Ըստ աւանդութեան, 301-ին, երբ Հայոց աշխարհի երկրորդ լուսաւորիչին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին եւ Հայոց Տրդատ Գ. թագաւորին ջանքերով քրիստոնէութիւնը դարձաւ Հայաստանի պետական կրօնը, հայեր սկսան աւելի հանգիստ եւ խաղաղ պայմաններու մէջ հայերէն շարականներ յօրինել եւ երգել: Սակայն անոնք դարձեալ մեզի անհասանելի են, որովհետեւ հայերէն գիրերու գիւտը տեղի չէր ունեցած եւ ուստի անոնք չէին արձանագրուած: Պէտք է յիշել նաեւ, որ 301-405 երկարող ժամանակաշրջանին Հայաստանի մէջ եկեղեցական արարողութիւնները կը կատարուէին յունարէն կամ ասորերէն լեզուով, որոնք դարձեալ արգելք կը հանդիսանային հայ շարականին զարգացման:
405-ին (կամ 406-ին), երբ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ջանքերով հայերէն գիրերը ստեղծուեցան, թարգմանիչ վարդապետները Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Հայոց Հայրապետ՝ Ս. Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ եւ հսկողութեամբ Աստուածաշունչը հայերէնի թարգմանեցին: Աստուածաշունչը հայացնելէ ետք, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցն ու Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետը Աստուածաշունչին ոգիով, ներշնչումով եւ լոյսին տակ գրեցին ապաշխարութեան շարականները: Ապաշխարութեան շարականներուն մեծ մասին յօրինումը կը վերագրուի Մեսրոպ Մաշտոցին (Շարական Հոգեւոր երգոց Սուրբ եւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյս Հայաստանեայց, ի Տպարանի Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 1997, էջ 5), իսկ մնացեալ մասը կ’ենթադրուի, որ Ս. Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսը գրած է (Քրիստոնեայ Հայաստան Հանրագիտարան, Երեւան 2002, էջ 876):

Հետագային, թարգմանիչ վարդապետները իրենց ուսուցիչներէն ոգեւորուելով գրեցին մեր եկեղեցւոյ շարականներուն մէկ մասը: Օրինակ՝ հայոց պատմահայրն ու քերթողահայրը՝ Ս. Մովսէս Խորենացին գրեց Ս. Ծննդեան «մեծացուսցէ»-ները, Տեառնընդառաջի փոխման առաջին պատկերը եւ այլ Ս. Յարութեան նուիրուած կարգեր: Ս. Ներսէս Կլայեցին (Շնորհալին) գրեց «Աւագ օրհութիւն»-ներուն վառ ձայները, Ծաղկազարդի «Հարց»-ը, Հոգեգալուստի շարականին չորս պատկերները, Վարդավառի (Պայծառակերպութեան) շարականին փոխման երկու պատկերները, ինչպէս նաեւ Հրեշտակապետաց, Եօթանասնից, Ղեւոնդեանց եւ Մարգարէից տօներու «Հարց»-երուն չորրորդ ձայնը, Վարդանանց տօնին նուիրուած «Նորահրաշ» շարականը, Քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանին երգուող «Նայեաց Սիրով»-ն ու «Ի Քէն Հայցեմք»-ը, Ճաշու Ժամերգութեան ընթացքին երգուող «Օրհնեմք Զքեզ»-ը, Գիշերային Ժամերգութեան ընթացքին երգուող «Այսօր Անճառ»-ի եւ «Աստուած Անեղ»-ի շարքերը եւ Առաւօտեան Ժամերգութեան ընթացքին երգուող «Արարչական»-ի շարքը: Իրեն կը վերագրուի նաեւ Սուրբ Յակոբին նուիրուած շարականը եւ պահոց կիրակիներուն նուիրուած շարականները (Շարական Հոգեւոր երգոց Սուրբ եւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյս Հայաստանեայց, ի Տպարանի Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 1997, էջ 6): Անշուշտ կարելի է տակաւին շարքը երկարել թարգմանիչ վարդապետներուն կողմէ գրուած շարականներուն, որոնք Հայ Եկեղեցւոյ առձեռն շարակնոցը զարդարեցին ու ճոխացուցին՝ իրենց գեղեցիկ հիւսուածքով, պարզ լեզուով, սակայն խորունկ իմաստով:
Վերեւ յիշուած բոլոր օրինակները կը հաստատեն, որ Ե. դարը կամ Ոսկեդարը, հայացման դար, հայութեան ինքնութեան դար եւ Աստուծոյ հետ հայերէն խօսելու դար ըլլալու կողքին, նաեւ հայ շարականագրութեան սկզբնադարն է, որովհետեւ անոր ընթացքին է, որ սկիզբ առած է հայ շարականագրութիւնը, որուն պտուղները ցայսօր հայութիւնը կը վայելէ:
Թարգմանչաց վարդապետներուն տօնը գանձ մըն է, որուն արժէքը ամէն տարի առաւե՛լ կը թանկանայ, որովհետեւ միշտ նորութիւն մը ունի հրամցնելիք մեր ժողովուրդի հաւատացելոց բազմութեան: Ուստի, իմ փափաքս է, որ մեր ազգի զաւակները լրջութեամբ, հպարտութեամբ եւ գիտակցութեամբ մօտենան այս սուրբ տօնին՝ զայն նկատելով ո՛չ միայն սոսկ եկեղեցական տօն, այլ իւրաքանչիւր հայորդիի տօն՝ հայո՛ւ տօն:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

Առաքել Աբղ. Գատեհճեան
Ուրբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2022
Նախատօնակ Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետացն