Ամէն տարի, երբ կը փորձենք հրապարակային ձեւով ոգեկոչել կամ տօնախմբել 5րդ դարու մեր թարգմանիչներու տօնը եւ կամ պաշտօնապէս կը տօնակատարենք Հայ Մշակոյթի նուիրուած օրը, չեմ գիտեր ինչպէ՞ս աչքիս առջեւ կը պատկերանան քանի մը տասնեակ վանականներ, սեւազգեստ, թաւ յօնքերով, երկար մազերով եւ մօրուքով հայր սուրբեր, որոնց անունները անքակտելիօրէն կապուած կը մնան մեր առաջին ուսուցիչ՝ սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հետ:

 

Հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթուան օրերուն, մեկնելով ընդհանուր խորհուրդէն, մտքիս մէջ կը գծագրուի Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի դէմքերուն եւ անոնց հսկողութեան տակ, վանքի մը խուցին մէջ առանձնացած, մոմերու լոյսին տակ քրտնաթոր գործող Կորիւնի, Եզնիկի, Բիւզանդի, Եղիշէի եւ Խորենացիի աղօտ դէմքերը:

 

Այլ խօսքով, կերպարները մեր հինգերորդ դարու թարգմանիչներուն, որոնք մագաղաթներու վրայ եւ գիտակցօրէն հայ նոր մտքի գեղեցկութիւնը արմատեցին ու իրենց ապրած դարը «ոսկի» դարձուցին: Այլ խօսքով, մեր պատմութեան մէջ Ոսկեդար մը ունեցանք, ինչ որ չէ տրուած ամէն ժողովուրդի։

 

Ու բնականաբար, ի տես այս բոլորին, այս մտաւոր ուժի հսկայութեան, յանկարծ իբրեւ հայեր, մեր հոգին ու միտքն ալ կ՛ուռին, կը մեծնան, կը լիանան եւ կ՛արբենան: Կախարդական եւ մագնիսական իր ուժերով այս տեսարանով հատատօրէն կը կապուինք մեր արմատներուն: Ու իբրեւ հարազատ արդիւնք՝ ազգովին կը զգաստանանք:

 

«Թարգմանչաց Տօն»:

 

Կը յիշեմ, շա՜տ, շա՜տ տարիներ առաջ, այս տօնախմբութեան օրը, երեկոյեան, կանուխէն մեր հին քաղաքի հին ու մեծ եկեղեցին կ՛երթայինք, ծնողներու ընկերակցութեամբ: Հոն կը մէկտեղուէինք, ու Աստուծոյ այդ տան մէջ հնազանդ նստած, անձայն մտիկ կ՛ընէինք մեր մեծերուն պատգամները:

 

Ու այդ հանդիսութեան, մեր մանուկ եւ կամ պատանի սիրտերը ինքնաբերաբար կ՛ուռճանային եւ կը նորոգուէինք ու մեր միտքերուն մէջ անգամ մը եւս մեր ժողովուրդը կը վերակենդանանար: Կը պայծառանար:

 

Նաեւ մշակոյթի տօն նկատուած է Թարգմանչաց այս տօնը: Եւ տակաւին՝ մեր պատմութեան ամէնէն ժողովրդականն ու համազգայինը: Տօն մը, նուիրուած ազգի մը համայն զաւակներուն, եւ որ ապահովեց ամբողջ ժողովուրդի մը յաւերժութիւնը եւ նոյն այդ ժողովուրդը, սկսաւ իր Աստուծոյն հետ իր մայրենի լեզուով խօսիլ եւ աղօթել:

 

Պէտք է նաեւ շեշտել, որ 1600 եւ աւելի տարիներ առաջ, Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր աշակերտ-թարգմանիչները միայն թարգմանութիւններ չկատարեցին, այլ՝ դպրոցներ հիմնեցին ու իբրեւ ուսուցիչներ, հայու նոր ոգի եւ շունչ փոխանցեցին իրենց աշակերտներուն:

 

Դպրոց ըսի եւ կը շեշտեմ: Իր ծնունդէն ի վեր, հայ դպրոցը եղած է ու կը մնայ մեր ազգային գոյատեւման գլխաւոր խարիսխներէն մէկը: Հայոց պատմութիւնը գլխաւոր փաստն է հայ դպրոցի գոյութեան անհրաժեշտութեան:

 

«Թարգմանչաց Տօն»…

 

Ինքնաբերաբար մեր աչքերը կը կեդրոնացնենք մէկ անձի մը վրայ: Հայ ուսուցիչին…: Ու կրկնութեան գնով կ՛ըսենք, որ կարելի չէ ժխտել անոր առաքելութիւնը: Հայութեան պայքարին ընթացքին ճակատի վրայ գտնուողները հայ ուսուցիչներն էին եղած, որոնք դարերու երկայնքին մեր ազգապահպանման կառոյցներուն պաշտպանութեան բերդապահութիւնը կատարած էին: Միւս կողմէ սակայն, պէտք է ընդունիլ, թէ այս օրերուն Սփիւռքի կրթական մեր ներկայ վիճակը այդքան ալ խրախուսիչ չէ: Նահանջ մը կայ ամէնուրեք: Նահանջ մը, որ շատոնց սկսած է: Այսօր ամէն տեղ սկսած ենք դիմագրաւել ընկերային ու տնտեսական լուրջ տագնապներ, որոնք ազգովին մեզ կը հիւծեն:

 

Համաշխարհայնացումը իր սարսափելի աւերները սկսած է գործել եւ մեզմէ զոհեր խլել: Կը գտնուինք այնպիսի պայմաններու տակ, որ նոյնիսկ սկսած ենք կորսնցնել մեր ինքնութիւնը, մեր հաւատքը եւ մեր լեզուն: Այս վտանգաւոր եւ համայնակուլ աղէտին դիմաց մեր աչքերը յառած ենք մեր դարերու մշակոյթն ու ինքնուրոյն փառքը պահպանելու կոչուած հայ ուսուցիչին, անոր կամքի զօրութեան, անոր հաւատքին եւ գօտեպնդող ներկայութեան:

 

Անոր համար է, որ «Թարգմանչաց տօն»ը կ՛ուզենք անուանել նաեւ հայ «Ուսուցիչի Օր»: Տարին անգամ մը զինք յիշելու եւ յիշատակելու միտումով եւ աւելին, նոյնիսկ առաջին թարգմանիչներու ուխտով, կ՛ուզենք պատուել նոյն աւանդին ներկայ անխոնջ պահապանը: Որովհետեւ, հայ ուսուցիչը թէ՛ դասատու է եւ թէ՛ դաստիարակ: Առանց անոր, մենք պիտի չճանչնայինք մենք զմեզ:

 

Ու պատիւ իրեն, իր անհրաժեշտութիւնը կը մնայ եւ պիտի մնայ անժխտելի եւ իր դերակատարութիւնը՝ վճռական: Ու հաստատօրէն կրնաք փաստել, թէ անոր առաքելութիւնը մնացած է նոյնը:

 

Որովհետեւ ազգովին կը հաւատանք, որ հայակերտման ազգային մեր ճիգերուն մէջ, մեզի համար իր առաքելութիւնը մեծ զոհողութիւն մըն է, նախքան մասնագիտութիւն ըլլալը եւ նուիրում մը՝ նախքան պաշտօն կամ աշխատանք կոչուիլը:

 

Ներկայիս գիտենք, որ հայկականութեամբ ապրիլը մեծ եւ հաճելի փորձառութիւն է: Բայց գիտենք նաեւ, Սփիւռքի մեր գոյատեւման երկարաձգումը կախեալ է հայ մեր մշակոյթին կառչելու մեր չափանիշէն:

 

Սփիւռք կ՛ապրինք չեմ գիտեր մինչեւ երբ, բայց լաւ գիտեմ, որ ամէն բանէ առաջ ամէնօրեայ մեր մաշումին երբեմն անտարբեր ականատեսներ կը դառնանք:

 

Մեր միտքերը նոր զարթօնքի մը կարիքը ունին, մեզի դէպի նոր արշալոյսեր առաջնորդող կարօտով: Ներկայիս ամէն տեղ մնայուն արժէքները կը նուազին: Արժէքներու այս փոփոխութիւնները յուսահատութեան կը տանին մեզ: Պահենք մեր լեզուն, որովհետեւ մեր աչքի լոյսն է, մեզ պահողն ու պահպանողը: Մեր հոգու բերդն ու ոգու զէնքն է: Վերջապէս լեզուն մեր հայրենիքն է:

 

Ու «Թարգմանչաց տօն»ին առթիւ մեզի կը մնայ ոչ միայն վառ պահել, այլ նաեւ բարգաւաճ դարձնել մեր մշակոյթը, արժեւորել մեր հայ վարժարաններու ներկայութիւնը ու սատար հանդիսանալ անոր յարատեւութեան, մեծապէս գնահատել հայ ուսուցիչը, որուն շնորհիւ հայ լեզուն, մեր հայ նոր սերունդները դէպի նոր ու փայլուն ապագայ կ՛առաջնորդուին:

 

Փառք ու պատիւ բոլորին:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ