ԱԿՆԱՐԿ

Փրակայի մէջ կայացած քառակողմ հանդիպումէն բխած յայտարարութեան ամէնէն խնդրայարոյց բաժինը հետեւեալն է. «Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991 թուականին Ալմա Աթայի հռչակագիրին նկատմամբ, որոնց միջոցով երկու կողմերն ալ կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը»:

ՄԱԿ-ի անդամակցութեամբ կամ Ալմա Աթայի հռչակագիրը ընդունելով կայ իրաւադրոյթ եւ ներքին կարգ, որ անդամագրուողները կը ճանչնան գործող սահմանները կամ տարածքային ամբողջականութիւնները: Միջազգային երկու կառոյցներու նշումը աւելի կը յուշէ այդ անուղղակի ճանաչումին մասին: Այլապէս նոր ճանչնալու յայտարարութեան անհրաժեշտութիւնը չէր ըլլար, որովհետեւ չկայ երկու պետութիւններուն միջեւ նման երկկողմանի պայմանագիր: Սահմաններու խնդիրը եւս անորոշ է, այլապէս նոր սահմանազատում եւ սահմանագծում չէին պահանջեր Ատրպէյճանն ու Թուրքիան: Իրաւապայմանագրայինօրէն ուրեմն բաւարարուած չէ թուրք եւ ատրպէյճանական դաշինքը: Պատերազմը յաղթող կողմը փաստօրէն կ՛աճապարէ այդ պայմանագիրը ստորագրել տալու համար: Այդ պատճառով ալ անվերջ կը խօսի գործընթացը սկսելու անհրաժեշտութեան մասին. այլապէս, կը կիրարկուի ռազմական գործողութիւններով, հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներ գրաւելով ճնշում բանեցնելու ռազմաքաղաքական վարքագիծը: Այս շտապողականութիւնը կը բխի նաեւ աշխարհաքաղաքական ներկայ փուլը լիարժէք օգտագործելով յատկապէս ռուս-թրքական մերձեցումի պարունակին մէջ նոր կէտեր արձանագրելու երեւոյթէն:

Հայկական կողմի պնդումները, թէ զիջում չկայ Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներէն, համոզիչ չեն կամ ապահովութիւն չեն ներշնչեր: Պարզ չէ, թէ ո՛ր քարտէսներուն հիման վրայ պիտի ընթանան սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացները:

Միւս կողմէ, նոյնքան պարզ է, որ Փրակայի յայտարարութեամբ ատրպէյճանական զօրքերը պիտի չվերադառնան ելման դիրքեր: Ճնշումը կը շարունակուի սահմանազատման-սահմանագծման գործընթացը սկսելու:

Ըստ էութեան Պաքուի առաջարկած խաղաղութեան պայմանագիրին առաջին կէտն է, որ Փրակայի մէջ քառակողմ ձեւաչափով կը յայտարարուի: Տարածքային ամբողջականութիւններու փոխադարձ ճանաչում, առանց ճիշդ իմանալու, թէ Հայաստանը ի՛նչ պիտի զիջի իր ինքնիշխան տարածքներէն: Եւ այստեղ կը կայանայ վտանգը: Երեւութապէս պարզ թուող այս յայտարարութեան կէտին մէջ կայ ազրպէյճանական պարտադրանք. որովհետեւ այլապէս գէթ յայտարարութեամբ ճանչնալով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ատրպէյճանական զօրքերը պէտք է հեռանային հայկական ինքնիշխան տարածքներէն:

Մտահոգիչ հիմնական այլ բաժին կայ Փրակայի յայտարարութեան մէջ: Երբ հրապարակուեցան Ատրպէյճանի կողմէ առաջադրուած խաղաղութեան պայմանագիրին հինգ կէտերը, հայկական կողմը ընդհանուրին մէջ ընդունելի նկատելով զանոնք կատարեց լրացումներ: Այդ լրացումներու առանցքային բաժինը կը վերաբերէր Արցախի խնդիրին:

Ատրպէճանի 5 կէտերուն դիմաց հայկական կողմը կը յայտարարէր, որ իրեն համար հիմնարար են Լեռնային Ղարաբաղի հայերու անվտանգութեան երաշխաւորման, անոնց իրաւունքներու եւ ազատութիւններու յարգման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշման հարցերը: Խաղաղութեան գործընթացին մէջ ներգրաւուելու եւ միջպետական յարաբերութիւններ հաստատելու համար` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու միջազգային դաշնագիրին առընթեր յիշուած էր Հելսինքեան եզրափակիչ աքթը, ինչ որ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի կէտի ներառումն է: Եւ վերջապէս. համապատասխան բանակցութիւններու կազմակերպման համար հայկական կողմը դիմած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն:

Այս բոլորին նոյնիսկ նախադրեալային նշումը չկայ յայտարարութեան մէջ:

Հիմա Պաքուն անցած է իր առաջադրած խաղաղութեան օրակարգի առաջին կէտի իրականացման: Հայկական կողմի լրացումը կը բացակայի յայտարարութեան մէջ: Խաղը կ՛ընթանայ թուրքեւատրպէյճանական կանոններով, թէկուզ եւրոպական միջնորդութեամբ: Տարբեր հարց, որ սուր կերպով կայ միջնորդաւորման եւ երաշխաւորման աշխարհաքաղաքական մրցապայքար ընդհանրապէս Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ, որմէ առաւելներ կը փորձէ պոկել թուրքեւատրպէյճանական դաշինքը:

Այն ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այսօր, ըստ էութեան Շուշիի հռչակագիրին հիման վրայ թուրքեւատրպէյճանական դաշինքի առաջադրած խաղաղութեան ծրագիրին փուլային իրականացման գործընթացն է:

«Ազդակ»