Առաջին անգամն է, որ կը հանդիպիմ լատինատառ թրքերէն գիրքի մը՝ «Tedavi Ve Receteler», թէեւ վստահ եմ, որ շատ մեծ է անոնց թիւը այսօր:
Հեղինակը Dr. B. K. Varvar կը կոչուի:
Եթէ ծանօթ չըլլայի գահիրէբնակ Ստեփան Վառվառեանին, որ տարի մը առաջ զոհ գնաց համավարակին, հաւանաբար ուշադրութիւն չդարձնէի, կամ կարեւորութիւն չտայի այս գիրքին:
Տիկին Վառվառեանը սակայն մեծ եռանդով ըսած էր՝ «Պատմեմ քեզի այս գիրքին պատմութիւնը»:
Հեղինակը իր ամուսնին բժիշկ հօրեղբայրն է, Արեւմտահայաստանի մէկ քաղաքին բնակիչ (պատմութիւնը չ’ըսեր թէ ո՛ր քաղաքին բնակիչ), որ 1915-ը անմիջապէս նախորդող շրջանին զգալով քաղաքական անկայուն վիճակն ու կասկածներ ունենալով հայերուն գլխուն հասունցող վտանգին, կ’որոշէ հեռանալ երկրէն:
Ըստ երեւոյթին, պատերազմին պատճառաբանութեամբ արգիլուած էր հայերուն երկրէն դուրս գալը: Բժիշկը կը բռնուի եւ բանտ կը նետուի:
Այդ օրերուն բանտապետին աղջիկը շատ հիւանդ է եղեր եւ զայն բժշկելու բոլոր ճիգերը ապարդիւն անցեր են: Բժիշկին հսկող ոստիկանը լուր կու տայ բանտապետին, թէ «Սա մեր նոր բանտարկեալը հայ բժիշկ մըն է …»:
Հետաքրքրական է այստեղ բանտարկեալին հայ ըլլալուն վրայ դրուած շեշտը, որ երկու նշանակութիւն կրնայ ունենալ՝ ա. հայը հմուտ է, ի՛նչ ալ ըլլայ իր մասնագիտութիւնը, եւ բ. հայը պիտի չմտածէ վնաս հասցնել, նոյնիսկ եթէ բանտին մէջ է:
Հայ բժիշկը կը հետեւի բանտապետին հիւանդ աղջկան դարմանումին եւ որոշ ժամանակ մը ետք աղջիկը ամբողջովին կը բժշկուի:
(Պատմութեան այս բաժինը քիչ մը հին հեքիաթ կը հոտի կարծես):
Բանտապետը կ’ըսէ բանտարկեալ հայ բժիշկին.
-Կը կարծեմ, որ աղջիկս բժշկելուդ լաւագոյն պարգեւը պիտի ըլլայ ազատութիւն տալ քեզի: Այս գիշեր բանտին դռները բաց պիտի գտնես, զիս ալ՝ խրախճանքի հրաւիրուած …
Բժիշկը շունչը Յունաստան կ’առնէ, եւ հոն քանի մը տարի մնալէ ետք, երբ իր աղջիկը կը սիրահարի գոմիւնիստ երիտասարդի մը հետ, զայն փրկելու համար Հարաւային Ափրիկէ կը հաստատուի: Անոր շառաւիղները մինչեւ օրս կը շարունակեն Հարաւային Ափրիկէի նոյն քաղաքը բնակիլ:
Նման պատմութիւններ շատ եղած են: Խորքին մէջ իւրաքանչիւր հայ, որ ճողոպրած է Ջարդերէն, ունի իր պատմութիւնը, որ լայն գիծերով մնացեալներուն պատմութիւններուն նման ըլլալուն հակառակ, կը մնայ ուրոյն:
Հարցը այստեղ հայ բժիշկին կեցուածքն է. մարդ մը, որ ինքզինք փրկելու ճամբուն վրայ կը բանտարկուի եւ շատ հաւանաբար մահուան դատապարտուի որպէս «հայրենիքի դաւաճան»: Այլ խօսքով՝ մարդ մը, որ ծայրայեղօրէն պէտք է յուսահատ ըլլայ: Սպասելի է նաեւ որ վրէժով լեցուած ըլլայ: Իր պայմաններուն մէջ վրէժ լուծելը դիւրին պիտի չըլլար: Բայց երբ առիթը կը ներկայանայ, ինք ամբողջովին իր մարդկային խիղճին անսալով, կ’ընէ բժիշկի պարտականութիւնը, մոռցած իր հայութիւնն ու վրէժը, մոռցած հիւանդին թրքութիւնը:
Ինչպէ՞ս բացատրել ասիկա:
Նման կացութիւններու յաճախ հանդիպեր ենք մեր պատմութեան մէջ, որոնց ամենամեծ օրինակը Մուշեղ Մամիկոնեանի պարսիկ շահին կանանոցը վերադարձնելն է:
Փաւստոս Բիւզանդ կը պատմէ, թէ Մուշեղ Մամիկոնեան այդ օրերուն շատ գեղեցիկ ճերմակ նժոյգ մը ունէր, որ նոյնիսկ պարսիկ Շապուհ արքային նախանձը կը շարժէր: Արքան իր կանանոցին նկատմամբ Մուշեղի մեծահոգի վարմունքով հիացած, ճերմակ նժոյգին հեծած Մուշեղի պատկերը քանդակել կու տայ գինիի իր գաւաթին վրայ եւ բոլոր խնճոյքներու ընթացքին, հիւրերուն եւ զօրքին առջեւ Մուշեղի կենացը խմելով գաւաթը կը բարձրացնէ ու կ’ըսէ.
«Ճերմակաձին գինի արբեսցէ» – ճերմակաձին գինի թող խմէ …
Անդրանիկ Ծառուկեանի «Սէրը Եղեռնին Մէջ» վէպն ալ նման նիւթ մը կ’արծարծէ, ուր հայ բժիշկը կը դարմանէ թուրք մեծաւորի մը դուստրը եւ կը մերժէ հօր առաջարկը, այդ թրքուհին կնութեան առնելով մահէն փրկուելու:
Հրեաներուն համար «Ակն ընդ ական եւ ատամն ընդ ատաման» է, մինչ քրիստոնեաներուն համար՝ «Մէկ երեսդ ապտակողին, միւս երեսդ դարձուր» է:
Անէքթոտ մը կայ, ուր հայ քահանայ մը մէկ երեսին ապտակը ստանալէ եւ երկրորդ երեսը դարձնելէ ետք, զինք ապտակողը շանսատակ ըրեր է ծեծին տակ, ու երբ հարցուցեր են՝ «Ինչպէ՞ս …», ըսեր է՝ «Երկրորդ երեսդ դարձուր ըսելէ ետք, մեր տէր Յիսուս Քրիստոս չըսաւ ի՛նչ ընել. խելացի մարդը ի՛մ ըրածս պիտի ընէր»:
Մեր ժամանակներուն մէջ, երբ բիւրերորդ անգամ ըլլալով մեր երկիրը կեղեքումի կ’ենթարկուի, մենք կը շարունակենք «խաղաղութեան» մասին խօսիլ: Իրաւունք ունի՞նք խաղաղութեան մասին խօսելու, երբ պէտք եղած ժամանակ պէտք եղած ձեւով զարնել չենք սորված:
Ո՞ր մէկը աւելի հիմնական է՝ չփոխարինուած ազնուութի՞ւնը, թէ դիմադրելը ինքնապաշտպանութեան ու երկրիդ պաշտպանութեան համար: Չէ՞ որ ըսուած է՝ «Ձեր մարգրիտները խոզերուն առջեւ մի՛ թափէք»: Ուրեմն ինչո՞ւ խաղաղութեան մասին խօսիլ (խաղաղութիւնն ալ մարդկային մարգրիտ մըն է, զոր քիչեր կը գնահատեն), երբ մեր խօսակիցները այդ «լեզուն» չեն ուզեր լսել իսկ:
Բոլոր այս մտորումները զիս հարցադրումներու կը տանին՝ արդեօ՞ք այս եւ նման այլ գիծեր հայ մարդու ծիներուն մէջ հինէն ի վեր գտնուած, պատասխանատու են մեր անհետացումը արգիլելու, մինչ այլ ուժեղ ազգեր վաղուց կորսուած են:
Թէ՞ «մէկ հատ հայ, ան ալ՝ թանգարանին մէջ» սպառնալիքը կը ստիպէ, որ մեր հունտերը միշտ աւելի ապահով հողերու պահ տանք եւ այդպիսով, կարծես «հունտի դրամատան» մէջ ըլլայինք, պահեր ենք մենք զմեզ, մեր հետ բերելով մեր ծիներուն լաւ ու վատ յատկանիշերը:
Կը մնայ վերջին հարցում մը՝ պարսիկները, կամ անոնց հետեւորդ իրանցիները կը յիշե՞ն իրենց Շապուհ արքային Մուշեղ Մամիկոնեանին ըրած կենացը՝ «Ճերմակաձին գինի արբեսցէ»ն … թէ իրենք ալ, թուրքերուն պէս մոռցած են թրքական ճարտարապետութեան, երաժշտութեան, թատրոնին, բառարանագիտութեան, ոսկերչութեան եւ այլ արհեստներու, արուեստներու եւ գիտութիւններու հիմնադիրներուն որո՛նք ըլլալը …
Մարուշ Երամեան