Ֆէրման Թորոսլար Հայերէնի թարգմանութիւնը Մարի Մերտխանեան-Եարալեանի
Ֆերման Թորոսլարի «Աքսոր» յուշագրութիւնը Ապստամբութեան բովէն անցած մութքեցի հայ ընտանիքի մը աքսորին, 1938-1960 տարիներուն Թուրքիոյ մէջ գիւղէ գիւղ ապաստան որոնող, որպէս մերժուած տարր ապրող հայ ընտանիքի մը կենաց մահու պայքարի պատմութիւնն է։ Պայքար մը, ուր հայ մարդը, յատկապէս արեւմտեան Հայաստանի գաւառներուն մէջ ապրող հայը, բռնի թրքացման, իսլամացման, «կեաւուր» կոչուելէ սկսեալ ամէն տեսակի նուաստացման, աւելին՝ մարդկային ամէնէն տարրական իրաւունքներէ զրկուած ըլլալու անիրաւութիւնները կրելով կը գոյատեւէր, միշտ իր սրտին մէջ վառ պահելով ազատութեան արեւին հասնելու ձգտումը։
Մութքին Պիթլիս – Բաղէշ նահանգին արեւմտեան գաւառներէն մէկն է, Վանայ լիճէն դէպի արեւմուտք, Սասունի արեւելեան կողմը։ Եղեռնէն վերապրած հայութեան մնացորդացը 1930-ական թուականներուն կրկին ապրած է ծննդավայրէն աքսորուելու տառապանքը, որ հետագային արտացոլացած է արեւմտահայերու յուշագրութիւններուն մէջ։ Ֆերման Թորոսլար մուտքեցի մըն է, որ հետագային գաղթած է Միացեալ Նահանգներ՝ 2008-ին վերադառնալով իր պատմական հայրենիք այցելած է նախ իր ծննդավայրը՝ Քերհօ ( ներկայիս թաշեօլ՝ Մութքի գաւառի բնակավայր), վերյիշած է իր ընտանիքին ապրած ողբերգութիւնը եւ «Աքսորը» վերնագրին տակ իր յուշագրութեամբ վաւերագրած այդ բոլորը։
2013-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գործող «Արաս» հայկական հրատարակչատունը լոյս ընծայեց Ֆերման Թորոսլարի հեղինակած յուշագրութիւնը։
Յուշագրութեան մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս իր ընտանիքը,վերաբնակեցման մասին օրէնքի լոյսին տակ, Մութքիէն կ’աքսորուի դէպի Չորումի Քըզըլթեփէ գիւղը՝ տուեալ շրջանին մէջ ապրող հարիւրհազարաւոր մարդոց հետ։ Ապա 1947-ին «Վերադարձի օրէնքը» կ’ընդունուի, սակայն իրենց գիւղ վերադարձը արգիլուած էր, ուստի 1948-ին, արգիլուած շրջաններու բնակչութեան յատուկ վկայագիր ստանալով մինչեւ 60-ական թուականներ այս ընտանիքը կը փոխադրուի տեղէ-տեղ։ Երկար տարիներ աննկարագրելի դժուարութիւններու մէջ ապրելով առիթ կ’որոնէ ձեւով մը վերադառնալու իր նախնիներու հողը, սակայն աքսորի հրամանը անշրջելի կը մնայ։
Գիրքի հրատարակութեան առիթով պատմելով թրքացման քաղաքականութեան մասին, հեղինակը կը գրէ. «Հայրս երեք անուն ունեցաւ. հայերէն՝ Ղազար, քրտերէն՝ Խազօ, թրքերէն Հասան։
Քոյրերս՝ նոյնպէս։ Ազնիւին Հազնա ըսինք, Մարիամին՝ Մէրիէմ, Նուրիձային՝ Նուրիէ։ Եղբայրս՝ Յարութիւնը Պայրամ կանչեցինք։ Իմ բախտիս Ֆէրման անունը ինկաւ, ապստամբութեան մասին պետութեան հրապարակած հրովարտակը…»։
Այսօր հեղինակին անունը Ֆէրման է, մականունը՝ Թորոսեան։
218 էջ ընդգրկող գիրքը արեւմտահայերէնի թարգմանած է սփիւռքահայ մտաւորական, «Գանձասար» պաշտօնաթերթի նախկին խմբագիր Մարի Մերտխանեան-Եարալեան։ Արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը հրատարակած է «Լուսակն» հրատարակչատունը, Երեւան, 2022-ին։ Գիրքին կողքը Ֆերման Թորոսեանի ընտանեկան լուսանկարն է, բովանդակութիւնը՝ պատմութիւնը։
Թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մելինէ Ալումեան յառաջաբանին մէջ կը գրէ.
Կը մէջբերեմ. «Հայերիս, յատկապէս՝ ոչ մասնագիտական շրջանակների մօտ, թերեւս, ձեւաւորուել է թիւր կարծիք, համաձայն որի՝ թուրք ազգի արհեստական «կերտման» գործընթացն աւարտուել է երիտթուրքերի իշխանութեան տարիներին։ Մինչդեռ փաստ է, որ Թուրքիայի բնակչութեան արհեստական կառուցման քաղաքականութիւնը, որն ուղեկցուել է բռնի թուրքացման եւ իսլամացման գործընթացներով, անընդմէջ շարունակուել է նաեւ Թուրքիայի Հանրապետութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին»։ Մէջբերման աւարտ։
Ալումեան որպէս օրինակներ կը յիշէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ժամանակաշրջանի տարբեր տարիներուն ընդունուած պարտադիր վերաբնակեցման մասին օրէնքները, 1930-ական թուականներուն սկսած «Հայրենակից, թրքերէն խօսէ՛» արշաւը, 1937-38 թուականներուն Տերսիմի կոտորածը, 1942-44 թուականներուն ունեցուածքի հարկի մասին օրէնքի գործադրումը, 1955 Սեպտեմբեր 6-7-ի «պոգրոմ»ները, 1964-ի Իսթանպուլաբնակ յոյներու արտաքսումը։
Ի տարբերութիւն այս քաջածանօթ դէպքերուն՝ մեր քիչերուն ծանօթ է 14 Յունիս 1934-ի Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ ընդունուած «Վերաբնակեցման մասին» օրէնքը, որ տուեալ ժամանակաշրջանի Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Շիւքրի Քալայի կարծիքով պէտք է կառուցէր «մէկ լեզուով խօսող, նոյն ձեւով մտածող, նոյնանման զգացումներ տածող» բնակչութեամբ երկիր մը։
Սոյն օրէնքին համաձայն, Թուրքիան կը բաժնուէր 4 տարածաշրջանի.
Ա) Շրջաններ, ուր կ’ապրի թրքական մշակոյթը կրող հոծ բնակչութիւն.
Բ) Շրջաններ, որոնք կարելի է դարձնել թրքական մշակոյթի կրող.
Գ) Շրջաններ, ուր կարելի է ազատ կերպով բնակեցնել թրքական մշակոյթին պատկանող  գաղթականներ.
Դ) Շրջաններ, որոնց դատարկումը պարտադիր է առողջապահական, զինուորական, քաղաքական, կարգապահական եւ այլ նկատառումներով, այսինքն՝ շրջաններ, ուր բնակեցումը արգիլուած է։
Վերաբնակեցման հիմնական նպատակը թէ՛ քիւրտերու եւ քրիստոնեայ եւ արաբ փոքրամասնութիւններու ուծացումն էր, ինչպէս նաեւ իրենց բնակած շրջաններու ազգաբնակչութեան պատկերի հիմնովին փոփոխութիւնը։
Վերաբնակեցման օրէնքը գործադրուիլ սկսած է նախ Սասունէն, ապա նաեւ Տերսիմէն եւ շարունակուած ողջ արեւմտահայաստանի տարածքին։
Ալումեանի համաձայն, Թուրքիոյ հանրապետութեան առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը անձամբ հետեւած է արեւմտահայութեան աքսորի գործընթացին։
Ֆերման Թորոսլարի յուշագրութիւնը այսպիսի աքսորի ու բռնի թրքացումի ենթարկուած ընտանիքի մը պատմութիւնն է։
Գիրքի յառաջաբանին կը յաջորդէ գիրքի խմբագիրին, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեանի «Երկու Խօսք»-ը այս առիթով։
 Ալվրցեան առաւելաբար կ’անդրադառնայ  կրօնափոխ հայերու նիւթին, դիտել տալով որ ան փակ թեմա կը համարուէր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան օրերէն մինչեւ 20-րդ դարու 80-ական թուականներ, իսկ այդ ծպտեալ կեանքին մասին որոշ կցկտուր տեղեկութիւններ, պատկերացում կարելի էր կազմել երկրէն հեռացած կրօնափոխ հայերու կամ անոնց սերունդներու հատուկենտ յուշագրութիւններէն, հարցազրոյցներէն եւ այլն։
Ալվրցեանի Համաձայն, այս հարցին առաջին անգամ հրապարակայնօրէն անդրադարձած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Շնորհք արք. Գալուստեանը 1980-ին, խօսելով ծպտեալ եւ կրօնափոխ հայերու խումբերուն, անոնց կրօնափոխութեան հարցերուն մասին։ Անոր խօսքը շրջադարձային նշանակութիւն ունեցած է ոչ միայն հարցը հետազօտողներուն, այլեւ նախ եւ առաջ կրօնափոխ դարձած հայերուն մօտ, որոնց ոչ բնակութեան վայրերը յայտնի էին, ոչ թիւը, ոչ ալ անոնց նկատմամբ պետութեան վարած քաղաքականութիւնը։ Ազգային հարցը Թուրքիոյ մէջ գործող բազմաթիւ թապուներէն մէկն էր պարզապէս, որուն մասին խօսիլն անգամ կրնար ծանր հետեւանքներ ունենալ։
Ցեղասպանութեան տարիներուն տեղահանութենէն եւ կոտորածներէն ճողոպրածներուն կը սպասէին բռնի իսլամացում եւ թրքացում, որ նոյնպէս ցեղասպանական քաղաքականութիւն էր եւ ըստ էութեան կը շարունակուի մինչեւ այսօր։  Վերջին տարիներուն բաւական գրուեցաւ եւ խօսուեցաւ նման հայերու մասին, այդ գիրքերէն քանի մը հատը ծանօթ են հայ ընթերցողին (Քեմալ Եալչընի, «Հոգիս Քեզմով Կը Խայտայ», Ֆեթհիէ Չեթինի «Մեծ Մայրս», եւ այլն)։
Հեղինակները կամ թուրք եւ քիւրտ ընտանիքներու մէջ թաքնուած հայուհիներու թոռներ ու ծոռներ էին, որոնց կը կոչէին «քըլըճ արթըղը» այսինքն թուրէն պրծած, կամ թուրք գրողներ էին, ինչպէս Քեմալ Եալչընը։
Ընթերցողին ներկայացուող այս գիրքին հեղինակը վերոյիշեալներէն չէ։ Ան բռնի կրօնափոխ դարձած եւ տարիներ շարունակ ծպտեալ կեանք մը ապրած ընտանիքի մը անդրանիկ զաւակն է, որ երիտասարդ տարիքին կը տեղեկանայ իր ինքնութեան մասին, եւ որ այդ տառապանքներուն բուն պատճառը ինքնին հայ ըլլալն է։ Անոր ծնողները չէին տեղեկացուցած զինք իր հայ ըլլլալուն մասին, որովհետեւ այդ մէկը կրնար իր կեանքին սպառնալ։
Թէեւ Հեղինակը իր գիրքը յուշագրութիւն կը համարէ, սակայն ընթերցողին յստակ կը դառնայ, որ գործ ունի գեղարուեստի տաղանդով օժտուած գրողի մը հետ, որուն յուշագրութիւնը ունի գեղարուեստական որակ՝ իր կենսափորձին եւ հերոսներու հոգեվիճակներուն ինքնատիպ նկարագրութեամբ եւ գրական-պատմողական բարեմասնութեամբ։ Անոր էջերուն կ’եռեւեփին ոչ միայն ընտանիքի մը, այլ ամբողջ ազգի մը անասելի տառապանքին վկայակոչումները։
Հեղինակը իր յուշերու ճշմարիտ դէմքերէն յաջողած է ստեղծել յիրաւի գեղարուեստական կերպարներ, յատկապէս երբ նկարագրած է իր ծնողները։ Հայրը անգործութեան մատնուած ըլլալով մէկտեղ ամէն ջանք կը թափէր ընտանիքին ապաստան մը կառուցելու, կինն ու զաւակները թուրքին ու քիւրտին թշնամական աչքէն հեռու պահելու։ Մայրը ապրելով թշուառութեան մէջ, քանի մը զաւկի մահը տեսնելով, իր զաւակները կերակրելու, հագցնելու, տարրական պայմաններով ապահովելու ամէնօրեայ հոգատարութիւնը չէր զլանար։ Կը մերժէր թրքացումը, իսլամական տօներուն մասնակցութիւնը։ Ու Հակառակ տագնապալի կեանքին, հեղինակին ծնողները  լաւատեսութեամբ եւ յոյսով կը տոգորէին իրենց զաւակները եւ ամէն ճիգ կը թափէին պահելու անոնց ինքնութիւնը։
Միւս կողմէ ինք՝ հեղինակը աշխատելու եւ օրապահիկը վաստկելու եւ ծնողքին օգտակար դառնալու համար ամէն գործի կը դիմէր, առանց դժգոհելու կամ տրտնջալու։
Եթէ պատմագէտներ Թուրքիոյ վերաբնակեցման օրէնքին, արեւմտահայոց բաժին ինկած տառապանքին իրազեկ դարձած են պատմական արժէք ունեցող հրատարակութիւններէ կամ տեղեկագիրներէ, նման գեղարուեստական հրատարակութիւններ անցած են լրատուութենէն անդին եւ պատմած են հայուն ապրած առօրեայ  տառապանքը,  գոյութենական պայքարը իրենց բոլոր մանրամասնութիւններով, հոգեվիճակներով։ Ահա թէ ուր կը կայանայ նման յուշագրութեան մը արժէքը։
Բռնի իսլամացման ճիգերը եւ ծպտեալ հայուն ապրած տագնապը կարելի է հասկնալ, զորօրինակ, կարդալով  հեղինակին հետեւեալ տողերը.
«Քուրանի դասերուն նեղուելով չէի երթար, որովհետեւ միայն հոն էր որ միւս երեխաներէն տարբեր չէի։ Ուրիշ դպրոց ալ չէի յաճախեր։ Իրիկունները, քրոջս հետ կ’երթայինք դասի։ Խորքին մէջ մայրս մեր երթալը չէր ուզեր, բայց քանի որ բոլոր գիւղացիներու զաւակները կը յաճախէին, ինքն ալ համակերպած էր։ Գիւղին մէջ յայտարարած, նոյնիսկ տունէ տուն շրջելով պնդած էին, որ 6-15 տարեկան բոլոր երեխաները դասի պիտի երթան։ Չգացողը կ’այպանուէր։ Ես դեռ չէի գիտեր որ հայ ենք։ Մայրս այդ մասին բան չէր ըսեր։ Օր մը խոճան աշակերտի մը հարցում տուաւ, պատասխան չստացաւ։ Երկրորդին հարցուց, ան ալ բան մը չկրցաւ ըսել։ Երրորդին  հարցուց, անկէ ալ ձայն չելաւ։ Ծուռ-ծուռ ինծի նայելով ըսաւ՝ դուն ըսէ նայիմ։ Ինչպէս եղաւ չեմ գիտեր, այդ օրը հարցումին պատասխանեցի։ Խոճան բարկացաւ. «Ծօ՜, կեաւուրին որբը պատասխանը գիտէ, դուք չէ՞ք գիտեր» ըսելով սկսաւ չպատասխանող երեք աշակերտները ծեծել։ Ես մէկ կողմէն վախցայ, իսկ միւս կողմէն ալ չհասկցայ, թէ ինչու «կեաւուր» եղայ»։
Եւ տակաւին հեղինակը կը պատմէ, թէ ինչպէս գիւղի թուրք պատանիները, յատկապէս հարուստները զինք ամէն տեսնելու կեաւուր կոչելով կը ծէծէին, թէ ինչպէ՛ս իր ընտանիքի անդամները պարտադրաբար իսլամական տօներուն կը մասնակցէին. «Տօնական օրերուն մեր տան դիմաց կը յայտնուէին եւ հօրս կը պնդէին. Հասան, դուն ալ մեզի հետ նամազի պիտի գաս։ Հայրս ամէն անգամ պատճառաբանութիւն մը կը գտնէր, բայց չէր կրնար զիրենք համոզել։ Մէկ երկու հոգի մեր տուն կու գային ու ամէն մէկը հօրս մէկ թեւէն մտած գրեթէ ստիպողաբար զինք կը տանէին շատրուան՝ լուացուելու եւ նամազի մասնակցելու համար»։
Եւ այսպէս հեղինակը կը նկարագրէ իսլամական իւրաքանչիւր տօնի իրենց անել կացութիւնը։
Հաւանաբար այս ճնշումներու ազդեցութեան տակ, օր մը,  հայրը հեղինակին քրոջը պատմած էր որ իրենք հայ են։  Հեղինակը աւելի ուշ իմացած էր այդ մասին։  Անոնք այդ տարիքին հայու մասին բան չէին գիտեր։ Միայն գիտէին որ յոյներ գոյութիւն ունին, որովհետեւ իրենց ապրած շրջանները ապրած էին նաեւ յոյներ եւ յաճախ «Կեաւուր» բառը կը լսէին պարզապէս։ Հեղինակը այլ տեղ մը իրենց մերժուած ըլլալուն անդրադառնալով կ’արձանագրէ «եւ քանի որ աղքատութեան ամենաստորին մակարդակը հասած էինք միշտ խորթ էինք իրենց համար, ինչպէս բացատրեմ, կը նմանէինք տան մէջ ապրող խորթ որբին, որ բոլորին կողմէ արհամարհուած է։ Խաղալու առիթ չէին տար մեզի, հարսանիքներուն եւ զատիկներուն չէին ձգեր, որ միւս մանուկներուն նման հագնինք, միւս մանուկներուն հետ խաղանք։ Քիւրտ, կեաւուր, եւ այլն կը կանչէին մեզ… Մենք մեր մանկութիւնը երբեք չապրեցանք»։
Այս բոլոր տառապանքներով մէկտեղ հեղինակը հոգեվիճակներ նկարագրելու ինքնուրոյն ոճով ընթերցողին կը հասցնէ այն միտքը, որ ապրելու, վերաշինելու եւ օր մը կայուն բոյն մը ունենալու յոյսը փրկած էր այս հայ ընտանիքը տանջահար անկումէն։ Երբ ներում շնորհուած էր աքսորեալներուն, այդ կարգին ֆերմանին հօր՝ Հասանին, ունեցած չունեցածը կռնակն առած տեղափոխուած էր գիւղէ գիւղ։ Ամէն անգամ նոր կացարան մը գտած, կրկին քարը քարի վրայ դրած ու կառչած էր կեանքին։ Իսկ պատանի Ֆերմանը ինչպիսի գործերու դիմած էր, իր եւ ընտանիքին օրապահիկը ապահովելու համար, հասած էր մինչեւ Իսթանպուլ, եղած էր՝ բեռնակիր, շինարար, պտղավաճար, վաճառական, գինեպան, տակաւին զինուորագրուելէ ետք, իր սպային ծառայող պարտիզպան, ապա դերձակ եւ այլն, մինչեւ որ յաջողած էր ունենալ իր սեփական փոքրիկ աշխատանոցը։
Զինք ամուսնացուցած էին շատ փոքր տարիքին, ինչպէս շատերու, հայուհիի մը հետ, պարզապէս հայութիւնը ուծացումէ փրկելու մտահոգութենէն մղուած։ Ու ան ստիպուած էր հոգալ ե՛ւ իր ընտանիքին ե՛ւ ծնողքին ապրուստը։ Այսպիսի տառապանք ապրած ըլլալով տարօրինակ աշխատասիրութիւն մը ունէր հեղինակը, յաճախ քիւրտ, թուրք իր տարեկիցներուն նախանձը շարժող։
1954-ին Ֆերման Իսթանպուլ կը մեկնի աշխատանքի, ամուսնանալէն ետք կը տեղափոխուի Տիգրանակերտ, ապա զինուորագրութեան բերումով կրկին Իսթանպուլ, ուր կը հասնի նաեւ իր ընտանիքը։
Այդ տարիներուն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը, Շնորհք սրբազանը մեծ աշխատանք կը տանէր թափառական հայ ընտանիքներ Իսթանպուլ տեղափոխելու համար։ Ֆերման եւս կը մասնակցէր գաղթականները տեղափոխելու աշխատանքին։
Ան այսպէս կը պատմէր խումբերէն մէկուն ժամանումը.
«Նաւը Գում Գաբույի նաւահանգիստին մօտեցաւ։ Ամէն մէկ ընտանիքի մեծաւորին կը հարցնէինք իրենց անդամներուն թիւը եւ խումբեր կազմելով ճամբուն միւս կողմը կ’անցընէինք  ու քալելով Ս. Աստուածածին եկեղեցի կը հասցնէինք։ 15 ընտանիք եկած էր եւ մենք այդ օրը 15 անգամ այդ ճամբան կտրեցինք։ Եկեղեցւոյ շրջափակը արդէն տօնավաճառի կը նմանէր։ Մէկ կողմը վեհերոտ ու ամչկոտ գաղթականները հաւաքուած էին, միւս կողմը՝ յանձնախումբի անդամներն ու Շնորհք սրբազանը։ Գաղթականները իրար դէմ կանգնած լուր զիրար կը դիտէին։ Լռութիւնը խզեց սրբազանը.
-Բարի եկաք ձեր նոր տունը։ Վստահ եղէ՛ք որ մինակ չէք։ Այս դուռը միշտ բաց պիտի ըլլայ ձեզի համար»։
Այդ տարիներուն՝ 1966-ին, Հայաստան ալ ներգաղթողներ կ’ընդունէր։ ՀԵղինակը կը պատմէ թէ Հայաստան մեկնիլը Իսթանպուլ գալէն աւելի գրաւիչ էր անշուշտ, որովհետեւ նոյն լեզուն խօսող, նոյն բնաւորութեան տէր մարդոց երկիրն է ի վերջոյ։ Սակայն այդ ճամբան ալ ռուսական հիւպատոսարանէն կ’անցնէր եւ ռուսերն ալ համայնավարութեան օրերուն դժուարութիւններ կու տային, իսկ թուրքերուն համար ռուսական հիւպատոսարան գացողը կասկածելի տարր էր, կը հարցաքննուէր, կը հետապնդուէր…։ Այս պատճառով այդ գաղափարէն ալ հրաժարած էր Ֆերման եւ որոշած էր Իսթանպուլ մնալ ու աշխատիլ։
Գիրքի աւարտին արձանագրուած է Թորոսլար ընտանիքի աքսորի ժամանակագրութիւնը։ Ապա հին եւ նոր տեղանուններու ցանկը Եւ վերջապէս  տեղադրուած են հեղինակին արխիւներէն լուսանկարներ՝ վերջինը թարգմանիչ Մարի Մերտխանեանին հետ ՝ Նիւ Ճըրսի, 2018։
Մերտխանեան ծանօթ է հեղինակին եւ իր որդիին՝ Կիւլպէնկին։ Յաճախ հանդիպած է անոնց, ծանօթացած այս յուշագրութեան լոյսին չեկած, չհրատարակուած բաժիններուն անգամ։
Արեւմտահայերէնի թարգմանութիւնը անթերի է։ Թարգմանիչը,  ծանօթ ըլլալով հեղինակին եւ տիրապետելով հայերէնին ու թրքերէնին, յաջողած է պահել յուշագրութեան ոգին, խօսակցական լեզուէն մինչեւ գրական-գեղարուեստական լեզուն թարգմանած է հարազատութեամբ։ Այնպէս մը, որ Մերտխանեան հեղինակին պատմումի մատչելի, սակայն հարուստ ոճն ու հերոսներու նկարագրութիւնը նոյն որակով պահպանած է արեւմտահայերէնին մէջ։ Ինչպէս Ալվրցեան կ’ըսէ այնպէս մը, որ կարծէք այս յուշագրութիւնը արեւմտահայերէնով գրուած ըլլար։
Եթէ թրքերէն հրատարակութիւնը թուրք հասարակութեան, յատկապէս ցարդ թաքնուած հայերու իրազեկման պիտի ծառայէ, արեւմտահայերէն հրատարակութեամբ ընթերցողը պիտի ապրի այդ տարիներու իր ազգակիցներուն տառապանքն ու տքնանքը եւ գօտեպնդուի իմանալով, թէ նման պայմաններէ անցած արեւմտահայը ինչպիսի՞ ներուժով վերածաղկած է, ոտքի կանգնած ու յանդգնութիւնը ունեցած իր ապրած աննկարագրելի օրերը հրատարակելով թաքնուած իրականութիւնները լոյսին բերելու վերջապէս։
Եւ հարցում մը կրկին կը ծագի ընթերցողին մտքին մէջ այս օրերուն։ Ի՞նչ հաշտութիւն, ի՞նչ յարաբերութիւններու կարգաւորում կարելի է ակնկալել Թուրքիոյ իշխող տարրէն, երբ 21-րդ դար հասած ըլլալով ան ոչ միայն կը շարունակէ ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու տեղահանութիւնը, այլեւ կրկին կը դիմէ բիրտ ուժի, յարձակումի, այս անգամ Ատրպէյճանը զինելով Հայաստանէն բաժիններ խլելու, Արցախը հայաթափելու։
Փափաքս է, որ իւրաքանչիւրդ կարդայ այս յուշագրութիւնը, ապրի Թորոսլար ընտանիքի այդ օրերու առօրեան եւ իւրովի որոնէ մեր ազգային իրաւունքներու վերատիրացման միջոցները։
Շնորհակալութիւն հեղինակին եւ թարգմանիչին։
Զարմիկ Պօղիկեան