Մշակութային շաբթուան երրորդ օրը՝ Երեքշաբթի, 11 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» Երժշտ. Դպրոցին կազմակերպած երաժշտական երեկոն:
Բացման խօսքով երաժշտական դպրոցի վարչութեան անդամ Մարինա Պօղիկեան յայտնեց, որ երաժշտական դպրոցը ոչ միայն երաժշտական կրթութիւն կը ջամբէ, այլեւ մշակութային ձեռնարկներով գաղութին մշակութային կեանքին յատուկ երանգ կը պարգեւէ:

Երեկոյթին ընթացքին դաշնամուրի, ջութակի կատարումներով եւ մեներգներով հանդէս եկան երաժշտանոցի աշակերտներ եւ շրջանաւարտներ՝ Փաթիլ Քէչէճեան (դաշնամուր, «Գարուն Ա», Կոմիտաս), Անի Պօղիկեան (դաշնամուր, «Թոքաթա», Ա. Խաչատուրեան), Տեսիլ Սարեան (ջութակ, «Պիտ Պաշտպանեմ», Ա. Իսպիրեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Երուանդ Գասպարեանի, երժշտ. մշակում՝ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի), դաշնամուրի զուգանուագ՝ Անի Պօղիկեան, Փաթիլ Քէչէճեան («Մեղեդի եւ Պար», Ռ. Պետրոսեան): Մեներգեցին՝ Սիլվի Չիթճեան («Դուն Էն Հուրին Իս», Ս. Նովա), Ծիլա Գերպապեան («Երազ Իմ Երկիր», Ռ. Ամիրխանեան), Աննա Սաղպազարեան («Հոյ Նազան», Կոմիտաս), Կասիա Պաղտիկեան («Տլէ Եաման», Կոմիտաս), Գարօլ Քէշիշեան («Որքան Ցանկացայ», ժողվրդ.) եւ Բիւզանդ Պէպէճեան («Իմ Անուշիկ Եար», Գուսան Շահէն): Մեներգողներուն դաշնամուրով ընկերակցեցաւ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեան:

Համերգը որակեալ ներկայացումով յատկանշուեցաւ, ինչ որ ցոլացուց «Բ. Կանաչեան» երժշտ. դպրոցի եւ անոր ուսուցչական կազմի մասնագէտներուն արդիւնաւէտ աշխատանքը:

Աւարտին խօսք առաւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Մարալ Տիքպիքեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց մշակութային շաբթուան մասնակիցներուն, յատկապէս մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին, դիտել տալով որ Համազգայինը, հակառակ երկրի ծանր պայմաններուն, պիտի շարունակէ մշակութային գոյնով հարստացնել համայնքային կեանքը:

Օրուան եզրափակիչ պատգամով Տէր Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան գնահատեց յայտագրին մասնակցող արուեստագէտները եւ կազմակերպող մարմինը, դիտել տալով որ անոնք մեզ երաժշտական գեղեցիկ փունջ մը հրամցուցին զգայացունց կատարումով։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Հալէպի մէջ, երաժշտութեան գիտակ երիտասարդ այսպիսի սերունդի մը պատրաստութեան համար, ապա «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց երեկոն։