«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»։

Սրբոց Թարգմանչաց տօնը, անկախ ազգային, եկեղեցական տօն ըլլալէն, բազմաթիւ պատգամներ կը պարփակէ իր մէջ, յատկապէս նորահաս սերունդներու հայեցի եւ ազգային կրթութեան գործընթացին մէջ։

Ամէն տարի աւանդութիւն դարձած է Ազգ.Միացեալ ճեմարանի աշակերտութեան յատուկ հանդիսութեամբ մեծարումը ոսկեդարու անմահանուն կերտիչներուն` թարգմանիչ վարդապետներուն ու մասնաւորաբար Մեսրոպ Մաշտոցի անկրկնելի վաստակին։ Անոնք դարերու ընթացքին հայապահպանման կենսատու աղբիւր եւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման երաշխիք հանդիսացան:

Առ այդ, Ուրբաթ, 14 Հոկտեմբեր 2022-ին, ճեմարանի «Արփի Պետիկեան» սրահէն ներս ընթացք առաւ թարգմանչաց տօնակատարութիւնը։ Գեղարուեստական յայտագիրին կազմակերպչական աշխատանքը ստանձնած էին երկրորդական կարգի խումբ մը աշակերտներ։

Յանուն աշակերտներուն բացման խօսք արտասանեց Միրելլա Խալիլ, որ անդրադարձաւ գիրերու գիւտի յիշատակութեան կարեւորութեան դպրոցական կեանքին մէջ, իսկ թարգմանչացի խորհուրդը ներկայացուցին Եսայի Եագուպեան եւ Արէն Սեդիկեան։ Անոնք համառօտ կերպով անդրադարձան գիրերու գիւտին պատմութեան եւ ոսկեդարու կերտիչներու թարգմանական հսկայ աշխատանքին։ Աշխատանք, որ դպրութեան տուաւ հայադրոշմ կնիք եւ այդպիսով հայը ապրեցաւ մշակութային անսահման վերելք։

Հանդիսավար Սերլի Առաքելեան յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց աշակերտները դասարան առ դասարան, առաջինէն – ութերորդ, ներկայացնելու իրենց սորված երգերն ու արտասանութիւնները. Ան մէջընդմէջ հայոց լեզուին նուիրուած լօզունքներ արտասանեց։

Ճեմարանի տնօրէնուհի Ծովակ Պաղպուտարեան իր սրտի խօսքը ուղղելով աշակերտներուն բարձր գնահատեց անոնց ազգային շունչն ու ոգին։ Դիտել տալով որ աշակերտները արտասանութիւններուն ընդմէջէն արտայայտեցին իրենց սէրն ու յարգանքը հայ լեզուին հանդէպ՝ մեծարելով Մեսրոպ Մաշտոցն ու թարգմանիչ վարդապետները։ Ան խրախուսեց աշակերտները գուրգուրանքով ու մեծ սիրով պահպանելու մայրենին, խօսելու եւ գրելու հայերէն, որպէսզի հայօրէն մեծնան եւ ապահովեն մեր ազգային ինքնութեան գոյատեւումն ու յաւերժութիւնը։

Աւարտին աշակերտները խմբովին, լիայագագ հնչեցուցին <<Ով Մեծասքանչ Դու Լեզու>> եւ <<Հայորդիք>> ազգաշունչ երգերը։

Աւելցնենք, որ աշակերտները թարգմանչացի նուիրուած գեղեցիկ գծագրութիւններով եւ խօսքերով զարդարեցին դպրոցի ցուցատախտակը։

Այսօր եւ ընդմիշտ Ե. դարու լուսակերտ հրաշքը` գիրերու գիւտը, իբրեւ լուսատու փարոս, դարերէ ի վեր լուսաւորեց եւ կը շարունակէ լուսաւորել հայ ազգի ինքնագիտակցութիւնը։ Ուստի տէր կանգնինք մայրենիին եւ դառնանք արժանի ժառանգորդները Թարգմանչաց կտակին:

 

Սոնա Անտրեան