Հարաւային Կովկասի և Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Տոյվօ Քլաար կը յայտնէ, որ այսօր Երևան կը ժամանէ Եւրոպական Միութեան դիտորդական խումբը։

«Այսօր Եւրոպական Միութեան դիտորդներու առաջին խումբը կը ժամանէ Երևան։ 27 անդամ երկիրներ արագ գործած են՝ Հայաստանի առաջարկին արձագանգելու համար։ Տեղակայման նպատակը պիտի ըլլայ վերահսկել իրավիճակը եւ աջակցիլ տեղւոյն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային իրավիճակի կայունացման», կը գրէ Քլաար։